Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Դեկտեմբեր 12-ին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի նախագահութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 29-րդ հանդիպումը:

Նիստին կը մասնակցէին պատուիրակութիւններ կազմակերպութեան անդամ 12 երկիրներէ, 9 դիտորդ եւ ներկայացուցիչներ գործընկեր երկիրներէ, ՍԾՏՀ կառոյցի եւ միջազգային կազմակերպութիւններէ:

Օրակարգի վրայ էին Սեւծովեան տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ տնտեսական համագործակցութեան խորացման, կազմակերպութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերու մէջ անդամ-պետութիւններու համագործակցութեան ամրապնդման եւ ընդլայնման, ՍԾՏՀ և միջազգային կազմակերպութիւններու ԵՄ համագործակցութեան խթանման hարցեր:

Բացուցած յայտարարելով նիստը՝ Էդուարդ Նալբանդեան ամփոփեց ՍԾՏՀ-ի մէջ Հայաստանի վեցամսեայ նախագահութեան ընթացքին իրականացուած գործունէութեան արդիւնքները: Նախարար Նալբանդեանը յոյս յայտնեց, որ այս հանդիպումը աւելի լայն հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ անդամ-պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան խթանման:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նշեց, որ ՍԾՏՀ-ի մէջ հայկական նախագահութեան ընթացքին կազմակերպուեցան շուրջ 70 միջոցառումներ՝ նախարարական հանդիպումներ, համաժողովներ, սեմինարներ եւ աշխատանքային խումբերու նիստեր:

ՍԾՏՀ անդամ երկրները ներկայացնող պատվիրակութիւններու ղեկավարները եւ ՍԾՏՀ գլխաւոր քարտուղարը՝ իրենց ելոյթներուն մէջ բարձր գնահատեցին Հայաստանի գործունէութիւնը՝ որպէս կազմակերպութեան նախագահող՝ նշելով, որ ՍԾՏՀ աշխատանքները աշխուժ էին եւ արդիւնաւէտ:

Նախարարներու խորհուրդի նիստի աւարտին կայացաւ Հայաստանի ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի կողմէ Պուլկարիոյ ԱԳ նախարար Կոնստանտին Վիգենինին ՍԾՏՀ նախագահութեան յանձնման արարողութիւնը, որուն յաջորդեց համատեղ մամուլի ասուլիս:

ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ Ն-ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Նշենք, որ Տաւութօղլուն Երեւան փոխադրող թռիչքին մէջ, իրեն կ'ուղեկցէին «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ռոպերթ Քոփթաշը եւ «Ենի Շաֆաք» թերթի յօդուածագիր Մարգար Եսայեանը։

Մամլոյ ասուլիսէն ետք, պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումներուն, թէ հանդիպում պիտի ունենա՞յ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ եւ ի՞նչ հարցեր պիտի քննարկէ, Նալբանդեան յայտնեց, որ այո, պիտի հանդիպի Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան բոլոր արտաքին գործոց նախարարներուն, որոնց շարքին նաեւ Տաւութօղլուի, եւ իրենց քննարկած հարցերը պիտի ներկայացուին հանդիպումէն ետք:

Անդրադառնալով լրագրողներուն այն դիտարկման, որ Թուրքիա ամէն անգամ կը փորձէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցը կապել հայ-թրքական յարաբերութիւններուն հետ, Նալբանդեան յայտնեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարելի է միայն առանց նախապայմաններու:

Աւելի ուշ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն 1.5 ժամ տեւած դռնփակ հանդիպումը, որմէ ետք Տաւութօղլու հարցազրոյց տուաւ միայն թրքական լրատուամիջոցներուն:

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկէն ուղիղ սփռեց Տաւութօղլուի մամլոյ ասուլիսը:

Տաւութօղլու խօսեցաւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նիստին ընթացքին տեղի ունեցած կարեւոր քննարկումներուն մասին:

Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ թուրք նախարարը նշեց, որ Նալբանդեանի հետ հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցան հայ եւ թուրք ժողովուրդներու պատմական անցեալը բաց եւ անկեղծ կերպով քննարկելու, Կովկասի մէջ առկայ խնդիրներուն մնայուն լուծում գտնելու, շրջանը տնտեսապէս զարգացնելու, Հայաստանի շրջանային տնտեսական նախագիծերուն անդամակցելու անհրաժեշտութեան հարցերը: «Անկեղծ հանդիպում էր: Առանց հանդիպելու, խօսելու եւ առկայ խնդիրները քըննարկելու յառաջ ընթանալ կարելի չէ», ըսաւ Տաւութօղլու:

Մամլոյ ասուլիսին թուրք լրագրողները ընդամէնը երկու հարցեր բարձրացուցին:

Այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք շօշափուա՞ծ է «գրաւեալ երկու շրջաններէ հեռանալու դիմաց հայ-թրքական սահմանը բանալու» մասին Երեւան մեկնելէն առաջ թրքական մամուլին մէջ շրջանառուած հարցը, Տաւութօղլու պատասխանեց, որ անոնք թրքական մամուլին կողմէ կատարուած յայտարարութիւններ են, որոնց անդրադարձած է նաեւ հայկական մամուլը: «Մենք խօսած ենք երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութիւնը զարգացնելու մասին», նշեց ան: Միւս հարցումը կը վերաբերէր Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան հետագայ գործունէութեան եւ ծրագիրներուն: