Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Դեկտեմբեր 9-10ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Արցախի կառոյցի հերթական՝ 19-րդ Շրջանային ժողովը:

Շրջանային Ժողովին մասնակցեցան Հ.Յ.Դ. Արցախի մարմիններէն ընտրուած պատգամաւորները, շրջանաւարտ Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, ԼՂՀ ԱԺ Դաշնակցութիւն խմբակցութեան պատգամաւորները, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Գէորգի Պետրոսեանը, կուսակցական պետական պաշտօնեաներ, հրաւիրեալ ընկերներ:

19-րդ Շրջանային Ժողովը ամփոփեց եւ գնահատեց անցած երկու տարիներու Հ.Յ. Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի գործունէութիւնը, քննարկեց եւ ընդունեց բանաձեւեր՝ յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութեան համար:

Աւարտին Ժողովը ընտրեց Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նոր կազմ՝ Դավիթ Իշխանեան, Արթուր Աղաբեկեան, Արմէն Սարգսեան, Կամօ Մարտիրոսեան, Վահրամ Բալաեան, Ալիոշա Գաբրիէլեան, Ժիրայր Շահիջանեան, Լեւոն Հայրեան, Արա Պուլուզեան: Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընտրուեցաւ Դաւիթ Իշխանեանը: