Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երեւանը պատրաստ է պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը:

Ինչպէս արդէն գրած ենք, նիստին պիտի մասնակցի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, ինչպէս նաեւ Պուլկարիոյ նախարար Քրիստիան Վիգենին եւ մնացեալ անդամ երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ:

ՀՀ նախագահի մամլոյ քարտուղար Արման Սաղաթէլեանը յայտնած է թէ Սերժ Սարգսեան հանդիպում պիտի չունենայ Ահմետ Տաւութօղլուի հետ:

Յունաստանը կը ներկայացնէ արտաքին գործոց փոխ նախարար Քիրիաքոս Երոնտոփուլոս, որ Երեւան իր կեցութեան ընթացքին առիթը պիտի օգտագործէ այցելելու Բրիւսովի համալսարանի մէջ գորրծող յունարէն լեզուի ամպիոնը: Ան հանդիպում պիտի ունենայ ԱԺ փոխ նախագահ Էտուարտ Շարմազանովի եւ Հայաստանի մէջ յունական միութեանց անդամներու հետ: