Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Եւրոպական ներդրումային դրամատունը 60 միլիոն եւրոյի վարկ կը յատկացնէ՝ Հայաստանի մէջ «Հիւսիս-Հարաւ» ճանապարհային նախագիծի ֆինանսաւորման համար: Այս մասին նշուած է դրամատան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

«Եւրոպական ներդրումային դրամատան միջոցներով կը ֆինանսաւորուի Հայաստանի մէջ առանցքային երթեւեկի միջանցքի այժմէականացումը: Այդ նախագիծը պիտի նպաստէ Հայաստանի մէջ տնտեսական եւ ընկերային զարգացման եւ պիտի բարելաւէ տարածաշրջանային համարկումը, որ շահաւէտ պիտի ըլլայ ամբողջ տարածաշրջանին համար», յայտնած է դրամատան փոխնախագահ Վիլհելմ Մոլթերիեր:

Նախագիծը հսկայ տարողութիւն ունեցող ծրագիրի մէկ մասն է, որուն նպատակը 556 քմ. երկարութիւն ունեցող «Հիւսիս-Հարաւ» ճանապարհային միջանցքի բարելաւումն է: Նախագիծը կը ֆինանսաւորուի Ասիական զարգացման դրամատան եւ Եւրոպական Միութեան հարեւանութեան ներդրումային հիմնադրամին կողմէ: