Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Գիւմրիի մէջ հազարաւոր մարդիկ կը շարունակեն մնալ տնակներու մէջ»

Անցեալ շաբաթավերջը յատկանշուեցաւ 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժի անմեղ զոհերուն յիշատակի յարգումով ամէնուրեք, ինչպէս օրին անդրադարձանք:

Նշենք, որ Երեւանի մէջ ցուցահանդէս մը կազմարպուեցաւ, որ նուիրուած էր օտար մամուլի առաջին էջերով արձագանգուած Գիւմրիի եւ Սպիտակի աւերիչ երկաշարժին ու անոնց հետեւանքներուն:

Ժողովուրդի կողմէ բողոք յայտնուած է թէ բարձրապաշտօն ներկայութիւններ չեն ապահովուած Գիւմրիի մէջ հոգեհանգստեան արարողութեանց: Ժողովուրդը այցելած է Գիւմրիի մէջ գործող եկեղեցիները, նոյնպէս ալ գերեզմանատուները: Բայց շատ յայտնի էր պետական այրերու բացակայութիւնը, որոնք սակայն ծաղկեպսակներ ուղարկած էին, իրենց անունով զետեղուելու համար երկրաշարժի յուշակոթողին առջեւ կազմակերպուած սգոյ ու յարգանքի ձեռնարկին:

Այսուհանդերձ ներկայ եղած են քաղաքական հիւրեր ու դիւանագիտական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի խորհրդարանի Հայ-ֆրանսական բարեկամութեան խումբի Գիւմրիի մէջ գտնուող անդամները:

Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մօտ տեղադրուած անմեղ զոհերու յուշարձանին մօտ, ժամը 11:41ին, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուած է զոհերուն յիշատակը: 

 

Հեղինակաւոր «Ֆրանս 24»ի անդրադարձը՝ Գիւմրիի երկրաշարժին 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հեղինակաւոր «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանը անդրադարձած է Խորհրդային Հայաստանի երկրորդ արդիւնաբերական քաղաքը հանդիսացող Գիւմրիի մէջ 7 Դեկտեմբեր 1988ին տեղի ունեցաւ աւերիչ երկրաշարժին՝ ներկայացնելով քաղաքի ներկայի վիճակը:

«Ֆրանս 24»ի լրագրողները այցելած են վերանուանուած քաղաք, ուր «հազարաւոր մարդիկ կը շարունակեն ապրիլ իրենց կերտած տնակներուն մէջ»:

Հաղորդավարը նաեւ յիշատակած է, թէ ինչպէս աշխարհահռչակ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր այն ատեն իր «Փուր թուա Արմենի» երգով օգնութիւն հաւաքեց կործանած քաղաքին համար։

«Ֆրանս 24»ը նաեւ ներկայացուցած է Գիւմրիի գարեջուրի գործարանը, որ դարձած է տարածաշրջանի մեծագոյն գործատունը:

«Եթէ դուք 25 տարի առաջ այցելէիք այս շրջանը պիտի տեսնէիք ամբողջովին փլած կառոյցներ, ամբողջովին կործանած գործարան մը, որուն վերակառուցումը նպատակայարմար չնկատեցին նոյնիսկ խորհրդային մասնագէտները», բացատրած է գործարանին տնօրէնը: 1990ականներուն՝ քարը քարի վրայ դնելով, կառուցուեցաւ գործարանը, որ այսօր օրական մինչեւ 200 հազար շիշ գարեջուր կ՛արտադրէ:

Անիկա ապրուստ կը հայթայթէ բազմաթիւ աշխատակիցներու, այնպիսի քաղաքի մը մէջ, որուն բնակչութեան առնուազն 60 տոկոսը անգործ է։

«Ֆրանս 24»ի լրագրողը դիտել կու տայ, որ, այնուամենայնիւ ամէն օր, երբ աշխատակիցները դուրս կ՛ելլեն գործարանէն, կը տեսնեն նոյն տեսարանը, ինչպէս բոլոր գիւմրեցիները արդէն 25 տարիէ ի վեր՝ նախորդ դարաշրջանի հետքերը…

Ներկայացնելով երկրաշարժէն ետք տրամադրուած միջոցներով ստեղծուած փոքրիկ տնակներուն՝ լրատուամիջոցը նշած է, թէ ինչ պայմաններու մէջ կ՛ապրի գիւմրեցի ընտանիք մը, նաեւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ անօթեւան ընտանիքներուն բնակարաններու բաշխման գործընթացին մէջ առկայ փտածութիւնը:

 

Գիւմրեցի անօթեւան 1.000 ընտանիք եւս գալ տարի բնակարան կ’ունենան 

«Արմէնփրէս» կը տեղեկացնէ, թէ Գիւմրիի «Մուշ-2» թաղամասի եւ Ախուրեանի մէջ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն ընթացքը ստուգելէ ետք՝ Քաղաքաշինութեան նախարար Սամուէլ Թադեւոսեան յայտնած է, որ գալ տարուան աւարտին ծրագիրը կ’ամբողջանայ, եւ անօթեւան 1.000 ընտանիք եւս բնակարան կ’ունենան։

Նախարարութեան հանրութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, «Մուշ-2» թաղամասի եւ Ախուրեանի մէջ կը կատարուի համապատասխանաբար 8 եւ 4 յաւելեալ շէնքերու կառուցման աշխատանք:

Գիւմրիի «Մուշ-2» թաղամասի շուրջ 25 բնակարաններ արդէն ապահովուած են կազով, իսկ 1200 բնակարանի մէջ վերափոխուած է ծխատար համակարգը։

Շեշտելէ ետք, թէ աշխատանքները կ’ընթանան ժամանակացոյցին եւ նախագիծին համապատասխան, նախարարը աւելցուցած է, որ “Յառաջիկայ օրերին «Մուշ-2» թաղամասն ամբողջութեամբ կ’ապահովուի ջեռուցմամբ եւ տաք ջրով”։

***

Երբ կը խօսուի երկրաշարժի աղէտէն ետք անօթեւան մնացածներու մասին, որոնք աւելի քան 25 տարի ետք երդիքի մը պիտի տիրանան, անկարելի է զանց առնել հետեւեալ մտահոգիչ լուրը:

Երկրաշարժի դէմ պաշտպանութեան ազգային ծառայութեան շէնքերու եւ շինութիւններու կայունութեան կեդրոնի պետ Գուրգէն Ամալեան լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին խօսած է բաւական համոզիչ ձեւով եւ մտահոգիչ յայտարարութիւններ կատարած է: Ան ըսած է, որ Երեւանի բազմաբնակարան բնակելի շէնքերուն թիւը կը հասնի 4.000ի եւ անոնց 80 տոկոսը երկրաշարժէ վնասուելու մեծ վտանգի ենթակայ է:

Անոր համաձայն, այդ շէնքերը հիմնականօրէն կառուցուած են խորհրդային տարիներուն՝ 7-8 բալ ուժգնութեամբ երկրաշարժին դիմանալու համար: “Դրանց սէյսմիկ ռիսկը բաւական բարձր է։ Դրանք մինչ հիմա շահագործւում են կոպիտ խախտումներով”, նշած է Ամալեան:

Նշենք, որ «MSK-64» աստիաճանաչափի վրայ երկրաշարժի ուժգնութիւնը կը գնահատուի առաւելագոյն 12 բալով, մինչ Ռիխթերի աստիճանաչափին վրայ առաւելագոյնը 9ն է: Այսինքն, վերը նշուած 7-8 բալ ցնցումը կը համապատասխանէ Ռիխթերի աստիաճանաչափով՝ մօտաւորապէս 4,5-5,5ի: