Նոյեմբեր 22-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Երիտասարդական խորհրդարանի նիստը, որուն նախագահեց Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչ,Երիտասարդական խորհրդարանի մէջ Հ.Յ.Դ. ֆրակցիայի նախագահ Ազատուհի Սիմոնեանը:
Նիստի օրակարգին մէջ ներառնուած էին 3 օրէնսդրական հարցեր՝ «Փաստաբանութեան մասին» Հայաստանի հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին՝ հեղինակ ԲՀԿ խմբակցութեան նախագահ Մակար Եղիազարեան, «Ճանապարհային երթեւեկութեան անվտանգութեան ապահովման մասին» Հայաստանի հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին՝ հեղինակներ Տիգրան Սարդարեան, Ժաննա Յարութիւնեան, Յովհաննէս Թորոսեան, «Զինապարտութեան մասին» Հայաստանի հանրապետության օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին՝ հեղինակ Արմէն Օհանեան:
Երիտասարդական Խորհրդարանի տուեալ նիստի վերջին մէկ ժամը, առաջին անգամ ըլլալով, յատկացուեցաւ Յայտարարութիւններու։ Այս առիթը օգտագործուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որոնք սոյն նիստին ելոյթներ ունեցան եւ մօտ երկու տասնեակ յայտարարութիւններ-ելոյթներ ունեցան։
Երիտասարդական Խորհրդարանի դրութիւնը կ'իրագործուի նաեւ այլ երկիրներու մէջ եւ օգտակար նախաձեռնութիւն մըն է, որ առիթը կուտայ երիտասարդութեան քաղաքականանալու եւ հասուն մօտեցումներով ընկերային հարցեր քննարկելու։