Ֆրանսա-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Ռընէ Ռուքէն, բարեկամութեան խումբի ղեկավարի տեղակալներ Վալերի Պուայէն եւ Կի Տեսիէն երէկ Դեկտեմբեր 5-ին այցելեցին Ծիծռնակաբերդի յուշահամալիր:
Ֆրանսա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի անդամներ
Վալերի Պուայէ, Ռընէ Ռուքէ եւ Կի Տեսիէն դարձեալ Հայաստան
գտնուեցան եւ Ծիծեռնակաբերդ բարձրացան
Ֆրանսացի խորհրդարանականները ծաղիկներ զետեղեցին 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող յուշակոթողին եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին անմեղ զոհերու յիշատակը:
Խումբի նախագահ Ռընէ Ռուքէն յիշեցուց, որ իրենք մշտապէս Ֆրանսայի հայ համայնքի կողքին կը մնան եւ կը մասնակցին տարբեր քաղաքներու մէջ կազմակերպուող Ապրիլեան ձեռնարկներուն։
Նշենք, որ Ֆրանսան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ դատապարտած է 2001-ին: 2011-ի Դեկտեմբեր 23-ին Ֆրանսայի ազգային ժողովը ընդունած է Վալերի Պուայէի հեղինակած Հայոց Ցեղսպանութեան ժխտումը քերականացնող օրինագիծը, որմով կը նախատեսուէր զայն ժխտողներուն համար սահմանել 45.000 եւրօ տուգանք եւ նուազագոյնը մէկ տարուան ազատազրկում: Ֆրանսայի սահմանադրական խորհուրդը օրինագիծը չեղեալ յայտարարած է՝ հիմնաւորելով, որ անիկա կը հակասէ Սահմանադրութեան:
Վալերի Պուայէ նշած է որ թէեւ թուրքերը ընկերային ցանցերուն մէջ կը շարունակեն իր հասցէին սպառնալիքներ հնչեցնել ու վիրաւորական արտայայտութիւններ տարածել, ինք կը շարունակէ իր աշխատանքը, օրինագիծի նոր տարբերակ ներկայացնելու համար։