Սպիտակի երկրաշարժը տեղի ունեցաւ 1988ի Դեկտեմբեր 7-ին, տեղական ժամանակով 11։41ին: Ուժգնութիւնը գնահատուեցաւ 10 բալ:
«Անմեղ զոհերին, բարեգործ սրտերին» գրութիւնը արձանագրուած է
Գիւմրիի մէջ զետեղուած յուշարձանին վրայ, որ նուիրուած է
երկրաշարժէն կորսուած անմեղ զոհերու յիշատակին
Երկրաշարժի ցնցումը ընդգրկեց ՀՀ տարածքի մօտ 40%-ը, ուր կ'ապրէր շուրջ 1 միլիոն մարդ: Աւերման գօտին, ուր երկրաշարժի ուժգնութիւնը կազմեց 8 բալ, ընդգրկեց երեք հազար քառ. քիլոմեթր տարածութիւն:
Երկրաշարժէն տուժեց 21 քաղաք ու շրջան եւ 342 գիւղ: Անօթեւան մնաց 514.000 մարդ: Տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացան մօտ 20.000 հոգի։ Զոհերու թիւը հասաւ 25.000ի։ Ամէնաշատ զոհերը եղան յատկապէս Գիւմրիի (մօտ 15-17 հազար) եւ Սպիտակի (4 հազ) մէջ։
Դադրեցան գործելէ 170 արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ եւ մեծ վնասներ կրեցին ճարտարապետական համալիրներ։
Մեծ էին աւերները նաեւ պատմական, արուեստի յուշարձաններու վայրերէ ներս։
Անսպասելի աղէտը յանկարծակիի բերաւ արտակարգ իրավիճակներու կառոյցները, որ սկսան փրկարարական աշխատանք տանիլ 2-3 օր յետոյ: Երկրաշարժի առաջին վայրկեաններէն ժողովուրդը գործի լծուեցաւ։ Քաղաքացիներու եւ փրկարարներու ջանքերուն շնորհիւ փլատակներէն դուրս բերուեցաւ (զոհուած, վիրաւորուած կամ կենդանի վիճակի մէջ) աւելի քան 45.000 մարդ։
Սփիւռքի հայագաղութները ահազանգի մատնուեցան, նուիրահաւաքներու արշաւներ կազմակերպելով եւ երկար ժամանակ ճիգ տրամադրելով, որպէսզի Աղէտի գօտին վերածուի Զարգացման գօտիի։