Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Այսօր Քիեւի մէջ կը կայանայ ԵԱՀԿ անդամ երիկրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքը, որու ծիրէն ներս հանդիպում նախատեսուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ

Վիեննայի մէջ կայացած Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ ղարաբաղեան կարգաւորման համար եւ Հայաստանը կը փորձէ, ըստ հնարաւորի, յառաջ տանիլ բանակցային գործընթացը:

Այս խօսքերը արտայայտեց երէկ Երեւանի մէջ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զեպարիի հետ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին՝ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Էդ. Նալբանդեանը:

Նախարարը տեղեկացուց, որ այսօր Քիեւի մէջ կը կայանայ ԵԱՀԿ անդամ երիկրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքը, որու ժամանակ հանդիպում նախատեսուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովի հետ:

«Դուք գիտէք, որ Նոյեմբեր 19-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահների միջեւ կայացած հանդիպումը Վիեննայում գնահատուեց որպէս կառուցողական հանդիպում, եւ նախագահները յանձնարարեցին արտաքին գործոց նախարարներուն օգտագործել առաջին հնարաւորութիւնը հանդիպելու, շարունակելու բանակցութիւնները, որպէսզի աշխուժանայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը» ըսաւ ան:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները չէին հանդիպած մօտ երկու տարի՝ անցած տարուայ Յունւարէն: Այդ ընթացքին լարուածութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ երբեք չթուլցաւ՝ կողմերը շարունակեցին սպառազինուիլ եւ զոհեր տալ սահմանային միջադէպերու հետեւանքով:

«Հայաստանի պատճառով չէր, որ հանդիպումները չէին կայանար: Մի քանի փորձեր կատարուած էին եռանախագահներու կողմէ այդպիսի հանդիպումներ կազմակերպելու գծով: Վերջին այդպիսի փորձը Յունիսին էր, երբ անգամ տեղն ու ժամկէտը արդէն պայմանաւորուած էին, բայց ուղղակի հանդիպումից մի երկու-երեք օր առաջ ատրպէյճանցիները չեկան այդ հանդիպմանը», - պատմեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը: