Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Համաշխարհային Դրամատան երեւանեան գրասենեակին մէջ ներկայացուած է՝ «Հայաստանի տնտեսական աճի նոր մոդէլի մշակում, կուտակում, մրցակցութիւն եւ կապ» նիւթով զեկուցում մը:

Այդ ձեռնարկին ընթացքին հրապարակուած է Պետութիւններու տնտեսութիւններու մասին Համաշխարհային Դրամատան հրապարակած նոր տեղեկագիրը, ըստ որուն Հայաստանի տնտեսութիւնը ամենէն մենաշնորհուածն է նախկին Խորհ. Միութեան եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ:

Ըստ նշեալ տեղեկագրին, մենաշնորհեալներուն կը պատկանի Հայաստանի տնտեսութեան շուրջ 20%ը, իսկ օլիկոփոլներու (երբ տուեալ շուկայի մը կը հսկէ շատ սահմանափակ թիւով մատակարարողներ) հետ միասին, մենաշնորհեալները կը վերահսկեն Հայաստանի տնտեսութեան գրեթէ 2/3րդը:

Տարիներէ ի վեր Հայաստանի իշխանութիւնները կը քարոզեն գործառնութիւններու եւ իշխանութիւններու տարանջատման, օլիկոփոլներու դէմ պայքարի մասին, սակայն, Համաշխարհային Դրամատան այս տեղեկագրէն ի յայտ կու գայ, որ դեռ շատ ճամբայ կայ կտրուելիք այդ ուղղութեամբ: 

BERD 3,5% ԱՃ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը 2014 տարուան համար Հայաստանի տնտեսութեան 3,5% աճ կը նախատեսէ:

 Ինչ կը վերաբերի այս տարուան, Դրամատունը վերատեսութեան ենթարկած է իր նախատեսութիւնը որ 4% էր, իջեցնելով 2,5%ի: