Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Գոլոս Ռոսիի. «Մինչեւ 2040 թուական Հայաստանը կրնայ մնալ առանց հայերու»

Ռուսաստանի պետական տեղեկատուական գործակալութեան «Գոլոս Ռոսիի» ռատիոկայանը Հայաստանի մասին ընդարձակ հաղորդում մը սփռած է, հետաքրքրական վերնագրով՝ «Մինչեւ 2040 թուական Հայաստանը կրնայ մնալ առանց հայերու»։

Հաղորդման հեղինակները կեդրոնացած են արտագաղթի նիւթին վրայ, տեղեկութիւններ հաղորդելով, որ միայն վերջին երեք տարիներու ընթացքին Հայաստանէն հեռացած է մօտ 250 հազար քաղաքացի։

78.500 քաղաքացի արտագաղթած են Շիրակի և Լոռիի մարզերէն  

ՀՀ նոր վիճակագրութեանց տուեալներով, անցնող մէկ տարուան ընթացքին Շիրակի եւ Լոռիի մարզի բնակչութիւնը նուազած է 78 հազար 500 քաղաքացիով, որուն 47 հազար 500-ը՝ Լոռիի մարզէն: