Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով՝ Հայաստան կը գտնուի Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի:

Զիպարի հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ փոխ վարչապետ, հայ-իրաքեան միջկառավարական յանձնախումբի նախագահ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանի հետ:

 

Երեւանն ու Պաղտատը կը Սատարեն
Սուրիոյ Հարցերով «ժնեւ-2» Համաժողովի Իրականացման. Իրաքի ԱԳ Նախարար.

Երեւանի մէջ արտասանուած այս խօսքերով հանդէս եկաւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը իր հայ գործընկեր Էդուարդ Նալպանտեանի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին ժամանակ: Ան ընդգծած է, որ սուրիական կարգաւորման վերաբերեալ Հայաստանի ու Իրաքի մօտեցումները կը համընկնին: «Հակամարտութիւնը միայն իրենք՝ սուրիացիները կրնան կարգաւորել»,- յայտարարած է Զեպարի: Այս մասին կը յայտնէ News.am-ը։ Անոր տեղեկութիւններով՝ թէ՛ սուրիական իշխանութիւնները, թէ՛ ապստամբները պատրաստ են մասնակցելու այդ համաժողովին:

«Բնականաբար, մասնակցիլ կրնան ընդդիմութեան ոչ բոլոր խումբերը, սակայն հիմնական խումբը ներկայ պիտի ըլլայ»,-աւելցուցած է նախարարը:

Սուրիական հարցը, իբրեւ սահմանակից երկրի, շատ կարեւոր է Իրաքի համար, ըսած է ան. «չէ՞ որ սուրիական հակամարտութիւնը ուղղակիօրէն կը սպառնայ մեր անվտանգութեան»: