Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը 30 Նոյեմբերին մասնակցեցաւ Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երիտասարդականի խորհրդաժողովին՝ Տիգրանակերտի մէջ:

Պատուիրակութեան անդամներն էին Ռուբէն Ճանպազեան եւ Սարգիս Տեկիրմենճեան՝ Հայաստանէն: Ներկայ էին տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդներ:

Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան աւելի քան երեսուն հազար անդամներ եւ համակիրներ ներկայ էին Տիգրանակերտի «Սէյրանթափէ» մարզահամալիրին մէջ եւ անոր շրջակայքը, ուր տեղի ունեցաւ խորհրդաժողովը:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները իրենց կոչը ուղղեցին ներկաներուն‘ նախ հայերէնով, ապա՝ թրքերէնով: Ողջունելով Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երիտասարդական խորհուրդի անդրանիկ խորհրդաժողովը, ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները կեդրոնացան հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու անցեալի յարաբերութիւններուն եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն վրայ, յատուկ կանգ առնելով հայ-քրտական նորօրեայ փոխադարձ յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան կարելիութեան վրայ՝ նշելով, որ այդ համագործակցութիւնը պէտք է հիմնուի փոխադարձ յարգանքի վրայ, ի մտի ունենալով երկու ժողովուրդներուն շահերը:

ՀՅԴ ներկայացուցիչները Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երիտասարդական խորհուրդի անդամներուն յուշանուէր մը յանձնեցին:

Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած միակ կուսակցութիւնն է, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան հիմնադրուած է 2008-ին եւ դէտի կարգավիճակով կ՛անդամակցի Ընկերվար միջազգայնականին: