Հայ եւ ռուս ժողովուրդներու բարեկամութեան նուիրուած ինքնատիպ խորհրդանիշ հանդիսացող «Միացեալ Խաչ» յուշարձանի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է:
Յուշարձանը բացած են հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահներ՝ ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանն ու ՌԴ փոխադրամիջոցի նախարար Մաքսիմ Սոգոլովը:
Յուշարձանի նոյնատիպը, որուն պատուանդանին փորագրուած է՝ «Օրհնեալ է հայ եւ ռուս ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը» գրութիւնը, Մոսկուայի 850-ամեակին առիթով 1997-ին տեղադրուած է Մոսկուայի կեդրոնը՝ «Նիգիդեան Դարպասներ»-ու պուրակին մէջ: Յուշարձանի հեղինակային խումբի ղեկավարն է քանդակագործ Ֆրիտ Սողոյեանը, ճարտարապետները՝ Ռազմիկ եւ Տիգրան Մանուկեանները:
4,5 մեթր բարձրութեամբ յուշարձանը տեղադրուած է Երեւանի Մոսկովեան-Նալբանդեան-Իսահակեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ եւ կը ներկայացնէ հայ եւ ռուս կանանց, որոնք գլուխ խոնարհած են ընդհանուր հաւատի խորհրդանիշ խաչին առջեւ: