Print
Category: Հայաստան-Արցախ

1 - Հայոց պետութեան հզօրացում, ուժեղացում:
2 - Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ եւ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան վերջնական լուծումներու որոնում:
3-Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման հարցի հետեւողական լուծում:
4 - Հայապահպանութիւն եւ Սփիւռքի մէջ պայքար՝ ուծացման դէմ:
5 - Հայ եկեղեցւոյ դերի բարձրացում եւ ժողովուրդի համախմբում անոր շուրջ»:

Արդէն իր աւարտին հասած Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացու ցիչներու համահայկական համաժողովին ընթացքին քննարկուած խնդիրներէն շատերը լուծման ակնկալիքով տեղ գտած են համաժողովին կողմէ հաստատուած հռչակագիրին մէջ, որուն բոլոր կէտերը ուղղուած են Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման ու հայութեան համախմբման:

Սփիւռքը ունի բազում խնդիրներ, որոնց լուծումը այսօր հրատապ նշանակութիւն ունի, հաստատած է նախարար Յակոբեան: Կրթական, տեղեկատուական, քաղաքական ու տնտեսական հարցերը մօտ ամիսներուն իրենց տեղը պիտի գտնեն սփիւռքի նախարարութեան կողմէ մշակուող ծրագիրներուն մէջ:
Ներկայացնելով համաժողովին ընդունած հռչակագիրին հիմնական կէտերը սփիւռքի նախարարը խոստացաւ հետեւեալը. «Առաջիկայ ամիսներին կը մշակենք յստակ ծրագրեր մեր բոլոր հարցադրումները իրականութիւն դարձնելու համար. այդ ամէնը կ՛ուղարկենք համահայկական կազմակերպութիւններին, կը ստանանք նրանց վերջնական կարծիքը, եւ կը դարձնենք օրացուցային ծրագիր՝ մեր աշխատանքները իրականացնելու համար»:


Թեմաթիկ նիստեր
Պաշտօնական ելոյթներէն յետոյ, խորհրդաժողովի   օրակարգը ընթացաւ  թեմատիկ նիստերով. բուռն քննարկումներ, բաւական համարձակ գաղափարներ ու առաջարկութիւններ լսուեցան:
Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման կառուցակարգերու  մասին թեմատիկ նիստին  ելոյթներով հանդէս եկան Իրաքի թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, ՀՀ սփիւռքի նախարարին առընթեր ատեանի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի հանրապետական վարչութեան նախագահ Ալեքսի Գէովճեանը, Ռումանիայէն  գրող, հրապարակախօս  Վարուժան Ոսկանեանը, Կիպրոսի հայ համայնքի երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեանը, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Քեն Խաչիկեանը, եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Ելոյթ  ունեցողները անդրադարձան այնպիսի  հարցերու, որոնք առնչուած են հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութեան ուղիներու  բարելաւման, փոխադարձ ճանչում-վստահութիւն հարցին: Նկատել տրուեցաւ թէ անհրաժեշտ են փոխ այցելութիւններ, խնդիրներու  հիմնաւոր  ուսումնասիրութիւններ, պետական համակարգի բարեփոխումներ, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւն, պայքար կաշառակերութեան դէմ  եւ  այլ բացերու ուղղում, նոյնպէս քննարկուեցան  ներհամայնքային խնդիրներու  առնչուող հարցեր:

Երիտասարդութեան հիմնախնդիրները
Այս նիւթին նուիրուած օրակարգային քննարկումները վարեց  ՀՀ մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի տեղակալ Արսէն Քարամեանը:
Ելույթ ունեցողները հիմնական շեշտադրումը դրին  ժամանակակից երիտասարդութիւնը յուզող հարցերուն վրայ, որոնց կարգին նշուեցան խառն ամուսնութիւններու վտանգները,  հայ ինքնութեան պահպանման ա- ռումով:

Լեզուի եւ կրթութեան հիմնախնդիրներ
Թեմատիկ նիստը վարեց ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Կ. Յարութիւնեանը:
Ելոյթներուն ընթացքին նշուեցան արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն լեզուներու խիստ տարանջատման դէմ հարցերը: Ելոյթ ունեցողները հիմնականօրէն  շեշտադրեցին հետեւեալ մօտեցումները.-
-Չդնել տարանջատում արեւմտահայերէնի եւ  արեւելահայերէնի միջեւ,
-Սփիւռքի եւ  Հայաստանի մէջ փոքրիկ տարիքէն  երեխաներուն ուսուցանել հայոց լեզուի այս երկու  ճիւղերը հաւասարապէս,
-Չպարտադրել մայրենիի այս կամ այն ճիւղի պարտադիր սովորումը,
-Դասագրքերը հրատարակել լեզուի երկու ճիւղերով միաժամանակ,
-Ոչ հայկական դպրոցներուն մէջ  նոյնպէս  մտցնել հայոց լեզուի դասաւանդում (ըստ հնարաւորի),
-Խիստ հետեւիլ եւ ընդդիմանալ խառն ամուսնութիւններուն, ինչ որ առանձնաբար կը լուծէ  լեզուական խնդիրները:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելից
Թեմատիկ նիստը վարեց  ՀՀ ԳԱԱ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը: Նիստի ընթացքին ելոյթներ  ունեցան Գահիրէի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչը,  Հայ Դատի Իսրայէլի գրասենեակի ներկայացուցիչը,  ՌԱԿ-ի Յորդանանի շրջանային վարչության ատենապետը եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Ներկաները միասնական էին այն կարծիքին, որ ժամանակն է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցէն անցնել հատուցման հարցի բարձրացման:
Հատուցման նախագիծին վերաբերեալ երեք հիմնական կէտեր նշուեցան՝ համազգային՝ հողային, տարածքային,  համայնքային կամ ազգապատկան հողերու, կալուածների հարց, անհատական կալուածներու հարց: