Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Նոյեմբեր 29-ին Վիլնիւսի մէջ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ Վիլնիւսի մէջ գտնուող ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթոնի հետ:

Հայաստանի արտգործնախարարը եւ Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչը նամակներ փոխանակեցին, որոնք կը նախանշեն ապագային միտուած Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ համագործակցութեան օրակարգը։