Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Անցեալ շաբաթավերջին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, «Սքայ Նէթ» ընկերութեան ընդհ. տնօրէն Գրիգորի Վարդանեան դիտել տուած է, որ իրենց ունեցած «Ճէթսթրիմ 32» անգլիական 19 հոգինոց երկշարժիչ օդանաւը ատակ է թռիչքներ կատարելու 1200 քմ. հեռաւորութեամբ:

Ան աւելցուց թէ ապահովուած է օդանաւին բարձր անվտանգութիւնը:

Ըստ ընդհ. տնօրէնին, «Սքայ Նէթ» ընկերութիւնը մօտ ատենէն պիտի սկսի ապահովել Երեւան-Կապան-Երեւան, Երեւան-Գիւմրի-Երեւան, Երեւան-Ստեփանաւան-Երեւան թռիչքները, նաեւ դէպի Հայաստանի այլ քաղաքներ, եթէ անցեալին կառուցուած օդակայանները վերստին գործածութեան բացուին: Գ. Վարդանեան յայտնած է թէ ընկերութիւնը պատրաստ է նաեւ արտաքին թռիչքներ կատարելու՝ դէպի Վրաստան, Իրան…: