Գիւմրիի մէջ վերջին 3 տարուան ընթացքին մեծ թափով շարունակուող արտագաղթը դատարկած է քաղաքն ու մինչեւ իսկ քաղաքի այն հատուածները, որոնք պէտք է եռուն ըլլային։
Փաստօրէն, երկրաշարժէն 25 տարի ետք, քաղաքին նոր մարտահրաւէր նետած է արտագաղթը։ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան պաշտօնական տուեալները, բնականաբար, քիչ մը մեղմ, սակայն խօսուն են։ Մասնաւորաբար, ըստ պաշտօնական տուեալներու, 1 Յուլիս 2012-ի դրութեամբ Գիւմրիի մէջ կը բնակէր 145.700 մարդ, իսկ 2013-ին՝ 120.700, այսինքն՝ մէկ տարուան մէջ 25.000 գիւմրեցի լքած է քաղաքը։
Armtimes կայքէջին համաձայն, գիւմրեցիները սարսափով կ'ահազանգեն, որ քաղաքը դատարկուած է այն աստիճան, որ պարզ աչքով տեսանելի է նոյնիսկ փողոցներուն մէջ։ Կ'ըսեն, որ ժամերով կեդրոնական փողոցներէն մարդ չանցնիր, հատուկենտ ինքնաշարժեր կը նկատուին։