Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ԼՂՀ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 

Սերժ Սարգսեան - Իլհամ Ալիեւ հանդիպումը աւարտած է եւ հասած է մեկնաբանութիւններու պահը:

Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն գլխաւոր հերոս Արցախը արձագանգած է առաջին եւ տուած է իր գնահատականը իրադարձութեան առընչութեամբ: Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ'ըսուի.

«Տեւական ընդմիջումէ ետք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բարձր մակարդակով հանդիպումներու վերսկսումը կարեւոր նշանակութիւն ունի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի աշխուժացման, տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման տեսանկիւնէ: Կը կարծենք, որ կայացած հանդիպումը կÿապացուցէ խաղաղ կարգաւորման այլըն-տրանքի բացակայութիւնը եւ կը ծառայէ անոր անշրջելիութեան ապահովման»:

Միաժամանակ, պաշտօնական Ստեփանակերտը նշած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին իրական յառաջընթացի հնարաւոր է հասնիլ միայն լիարժէք ձեւաչափով, այսինքն՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անմիջական եւ ուղղակի մասնակցութիւնը վերականգնելով:

Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր մետիա»-ն:

 

Սերժ Սարգսեան «նորմալ» որակած է հանդիպումը, մինչ Ալիեւ ոչինչ ըսած է 

Ինչպէս յայտնած էինք, 2012 Յունուար 23էն յետոյ եւ սաֆարովեան գայթակղութենէն ի վեր, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու 18րդ հանդիպումն էր որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 19ին, Վիեննայի մէջ:

Երկու նախագահները նախ տեսակցած են գլուխ-գլխի, յետոյ իրենց միացած են Մինսքի խումբի համանախագահները: Ապա, երկու նախագահները տեսակցած են այս անգամ ալ իրենց արտաքին գործոց նախարարներուն ներկայութեան:

Ինչպէս շատեր կը կանխատեսէին, բանակցութիւններու աւարտին նորարար ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարուած է: Միայն հաղորդուած է, որ Սարգսեան եւ Ալիեւ համաձայն են, որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման նոր թափ պէտք է տալ:

Վերոնշեալ հանդիպումէն առաջ, ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հեռաձայնած է Սերժ Սարգսեանին, իսկ Պարաք Օպամա ալ նամակ մը յղած՝ Ալիեւին: Երկու պարագաներուն ալ ամերիկեան պատգամին ենթախորքը հանդիսացած է բանակցային գործընթացի կարեւորութեան եւ խաղաղ բանակցութիւններու այլընտրանքի ընդգծումը:

Բանակցութիւններու աւարտին, Սերժ Սարգսեան մեկնաբանելով զանոնք, գոհացած է «նորմալ» որակելով, մինչ Ալիեւի կողմէ դեռ ոչ մէկ արձագանգ կայ: Մինսքի խումբի համանախագահներն ալ յայտարարութեամբ մը ողջունած են երկու երկիրներու նախագահներուն այս քայլը:

 

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ողջունեն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն Վիեննայի մէջ ունեցած հանդիպումը:

«Մենք բարձր կը գնահատենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն այս քայլը, եւ խորհուրդ կու տանք, որ պետութիւններու ղեկավարները յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին ժամադրուին յաջորդ հանդիպումին համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Միացեալ Նահանգները՝ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հետ կոչ կ՛ուղղեն նախագահներուն աշխուժօրէն աշխատելու խաղաղ լուծման համար այն խնդիրին, որ ծանր բեռ դարձած է բոլոր կողմերուն համար», ըսուած է Ճեն Փսաքիի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

 

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը
Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումէն Ետք Յայտարարութիւն Կատարած Է
 

ԵԱՀԿ-ի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գործող նախագահ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարա Վիեննայի մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:

«Վստահ եմ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը պիտի օժանդակէ կողմերուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան ու փոխըմբռնման ամրապնդման, ինչպէս նաեւ դրական խթան պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի յառաջխաղացման համար», ըսած է Քոժարա:

Ան վստահութիւն յայտնած է, որ նման բնոյթի բանակցութիւնները խաղաղութեան ու կայունութեան հիմք կու տան եւ շրջանային համագործակցութեան համար նոր կարելիութիւններ կը ստեղծեն:

Քոժարա նաեւ աւելցուցած է, որ Ուքրանիա պատրաստ է ապագային եւս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ միասին աջակցելու Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ջանքերուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի միջազգային օրէնքի վրայ հիմնուած խաղաղ լուծման հասնելու համար: