Print
Category: Հայաստան-Արցախ

 

 Բացառիկ եւ եզակի մթնոլորտի մէջ անցաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի այցելութիւնը Յունաստան, վարչապետ Անտոնիս Սամարասի եւ պաշտպանութեան նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի ընդունելութիւններով, ինչպէս նաեւ երկրի քաղաքական-զինուորական համակարգի բարձրապաշտօն ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներով։

Բոլոր պահերուն, կողմերը բարձր գնահատեցին երկու ազգերուն եւ երկիրներուն միջեւ դարաւոր բարեկամութիւնը, ինչպէս եւ վերջին քսան տարիներուն ընթացքին հայ-յունական պաշտպանական բարձր համագործակցութիւնը, կարեւորելով հետագայ զարգացման եւ ընդլայնման հնարաւորութիւնները։

Երէկ 20 Նոյեմբերի կէսօրին, իր յաջող աւարտին հասաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութեան պաշտօնական այցելութիւնը Յունաստան։

Այցելութեան ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ դափնեպսակի զետեղում Սինտաղմայի Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ, ուր հնչեց «Մեր հայրենիք» քայլերգը։ Ապա նախարարական պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուր շքեղ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ ի պատիւ հայ բարձրապաշտօն հիւրին եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան։ Զինուորական տողանցքին յաջորդեց երկկողմ քննարկումներու պահը, որ տեղի ունեցաւ ընդլայնուած կազմերով։ Բանակցութեանց ընթացքին կողմերը համաձայնեցան աւելի խորացնել եւ զարգացնել համագործակցութիւնը՝ ռազմական կրթութեան եւ ռազմաթեքնիքական բնագաւառներու ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ իրականացնել համատեղ վարժանքներ եւ զօրավարժութիւններ։

Յաջորդեց երկու նախարարներու ողջոյնի խօսքերու եւ յայտարարութիւններու պահը։ Նախարար Սէյրան Օհանեան հրաւէր ուղղեց նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսին, ներկայ գտնուելու Փետրուար 2014ին Հայաստանի Զինուած Ուժերու 22րդ տարեդարձի ոգեկոչման ձեռնարկներուն։ Առաջարկը գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ նախարարին կողմէ, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց անպայմանօրէն ընդառաջելու հրաւէրին, եթէ ոչ անձնապէս՝ գէթ բարձրապաշտօն զինուորական ներկայութեամբ։

Նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ-յունական դարաւոր բարեկամութեան եւ համագործակցութեան, որ ամրապնդուած են ազատութեան եւ ազգային անկախութեան ու ընկերային արդարութեան պայքարներու ընդմէջէն։ Ան շեշտեց, թէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները հեռու են սովորական դիւանագիտական յարաբերութիւններ ըլլալէ, եւ հասարակաց արժէքներն են որ հիմք եւ միաժամանակ բացատրութիւն կը հանդիսանան՝ երկկողմ յարաբերութիւններու գերազանց մակարդակին համար։

Նախարարը անդրադարձած է Յունաստանի սպայից վարժարանէն ներս ուսանող հայ սպաներու մեծ թիւին, ռազմա-թեքնիքական գիտութեան եւ փորձառութեան փոխանակումին՝ պաշտպանական համակարգի զինեալ սիսթեմներու կապակցութեամբ, հայ-յունական ընկերութեան մը հաստատման, որ արդէն հիմնուած է Հայաստանի մէջ ՓԻՐՔԱԼ ընկերութեան մասնակցութեամբ՝ լէյզերի արհեստագիտութեան կապուած նիւթերու արտադրանքի ծիրէն ներս։

Շարունակելով, պրն. նախարարը անդրադարձած է Յունուարէն սկսեալ Յունաստանի Եւրոպական Միութեան նախագահութեան ընձեռած հնարաւորութիւններուն, ու նաեւ մեծ դրուատիգով խօսած է աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու դերա- կատարութեան մասին, յատկապէս նշելով հետեւեալը.-

«Յունաստան Յունուար 1, 2014էն, երբ պիտի ստանձնէ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը՝ Հայաստանի համար այն կամուրջը պիտի հանդիսանայ, որ պիտի ամրապնդէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան բնագաւառը։ Հեռանկար՝ որ վստահաբար դրական մատուցումներ ունի կատարելիք Հայաստանի կառուցային համակարգին, անկախ այլ գեր-ազգային հաստատութիւններու եւ միութիւններու մէջ իր ընդգրկումէն։

Այս պահուն, ես կ'ուզեմ ձեզի յիշեցնել հարց մը եւս, որուն անդրադարձանք երէկ կայացած մեր ընթրիքին ալ ընթացքին, ուր ներկայ գտնուեցան հայկական համայնքի ներկայացուցիչները Աթէնքի մէջ։

Երբեք պէտք չէ անտեսել սփիւռքի համայնքներու կարեւորութիւնը եւ դերակատարութիւնը, շատ աւելի՝ հայ եւ յոյն ազգերու պարագային, որոնք միլիոնաւոր հայեր եւ յոյներ կը հաշուեն, տարածուած երկրագունդի իւրաքանիւր անկիւնի մէջ։

Պրն. նախարարին հետ քննարկեցինք նախաձեռնութիւններու դիմելու հարցը, որպէսզի համաշխարհային առումով համագործակցութիւն կայանայ մեր սփիւռքներուն միջեւ, բան մը որ պէտք է նշենք, թէ կայացած չէ առայժմ, գէթ կառուցային մակարդակի վրայ։

Մեր հայրենակիցներէն շատեր կ'ապրին եւ փայլուն կերպով կը գործեն աշխարհին մէջ, ապացուցանելով թէ անոնք երաշխիք եւ ուժ կը հանդիսանան իրենց հայրենիքներուն համար, հաստատելով մեր ազգերու համաշխարհայնութիւնը այնպիսի ժամանակաշրջանի մէջ, երբ հետզհետէ աւելի շեշտուած կերպով համաշխարհայնացումը կը տիրէ, երբեմն դրական, երբեմն ժխտական ձեւով» ըսած է Աւրամոփուլոս։ 

(Նախարարներու խօսքերը կարդալ առանձին)։

Պէտք է հաստատել թէ բացառիկ եւ եզակի մթնոլորտի մէջ անցաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի այցելութիւնը Յունաստան, վարչապետ Անտոնիս Սամարասի եւ պաշտպանութեան նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի ընդունելութիւններով, ինչպէս նաեւ երկրի քաղաքական-զինուորական համակարգի բարձրապաշտօն ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներով։

Բանակցութիւններուն ընթացքին յունական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնեց լիակատար աջակցութիւն տրամադրելու ՀՀ զինուած ուժերու խաղաղապահ կարողութիւններու զարգացման եւ պաշտպանական բարեփոխումներու իրականացման գործին մէջ: Նաեւ, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ հա- մագործակցութեան իրաւական հիմքը կազմող պայմանագրերու վերանայման եւ պաշտպանութեան մարզերէն ներս համագործակցութեան համադրման համատեղ բարձր մակարդակի յանձնախումբ մը ստեղծելու վերաբերեալ, որ պիտի ուսումնասիրէ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նոր մարզերու մէջ համագործակցութիւնը ընդլայնելու հնարաւորութիւնները:

--------------------------------------------

Երէկ կէսօրուայ  ժամը 11։30ին, Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարաս Մաքսիմոսի ապարանքէն ներս ընդունեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը։ Նախարար Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաստանի վարչապետին, Յունաստանի խորհրդարանի կողմէ 1996ին ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծին եւ Անտոնիս Սամարասի բերած օժանդակութեան համար։ Յունաստանի վարչապետը իր կարգին վստահեցուց, որ մեր երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը պէտք է մնայ անխախտ, եւ այս գծով ինք անձնապէս այս ճիգը պիտի կատարէ։

 

Ինչպէս մեր երէկուան թիւով հաղորդած էինք, Երեքշաբթի 19 Նոյեմբերի երեկոյեան, Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարի հրաւէրով, Աթէնքի Սպայից միութեան սրահէն ներս կայացաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, ի պատիւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութեան։ Ներկայ գտնուեցան յունահայ համայնքի յարանուանութեանց պետերը, ինչպէս նաեւ ազգային¬կուսակցական¬միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչները։ (Լուսանկարին մէջ նախարարներու կեդրոնական սեղանը, ուր մասնակից էր Յունահայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեանը, իսկ աջ եւ ձախ կողմերը գրաւած էին Յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեանը եւ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Գոլանեանը: