ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ մէջ իսլամացած հայերու խնդիրը այսօր հանրութեան համար դարձած է քաղաքական լուրջ խնդիր: Այս մասին 16 Նոյեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեանը՝ խօսելով իսլամացած հայերու հիմնախնդիրներուն մասին:
Անոր համաձայն՝ այս հարցին նկատմամբ կայ քանի մը տեսակէտ՝ իշխանութեան, ազգայնամոլներուն՝ գորշ գայլերու ու անոնց մամուլին, եւ այս խնդիրին լաւագոյնս ծանօթ եւ խնդիրին ճիշդ լուծում տուող մտաւորականութեան, որոնք կը պահանջեն այս հարցը արծարծել: Հայկազուն Ալվրցեան նաեւ նշեց, որ իսլամացած հայերը մեծ խումբ են, որոնց մէջ կայ երկու խումբ: Մէկ խումբը հաշտուած է իր կացութեան հետ եւ չ՛ուզեր յիշել անցեալը՝ վախ, ցեղասպանութիւն, ունեցուածքի ու կեանքի վտանգ: Իսկ միւս խումբը, որ կը կոչուի ծպտեալ հայեր, ներքին կեանքին մէջ պահած է լեզուն, աւանդութիւնները, ամուսնութիւնները, կրօնական հակումները եւ այսօր կը փափաքի բացայայտօրէն խօսիլ իր ազգային ինքնութեան մասին:
Բանախօսը նշեց, որ կը կարծուի, թէ քիչ բան գիտենք ծպտեալ եւ իսլամացած հայերուն մասին, բայց իրականութիւնը այնպէս չէ: «Բաւականին շատ հետազօտութիւններ են կատարւում եւ որոշ տուեալներ մեզ արդէն յայտնի են: Մենք ունենք ոչ օդից վերցուած տեղեկութիւններ, որը այսօր թուային տեսք էլ է ստանում: Այդ տուեալներով՝ մենք ունենք մօտաւորապէս իսլամահայութեան՝ համշէնահայերն էլ գումարած, երեք միլիոնից աւել, մօտ չորս միլիոն հայեր: Դրանցից մէկուկէս երկու միլիոնը ծպտեալ հայեր են: Սա ճշմարտութիւնից շատ հեռու լինել չի կարող», ըսաւ Հայկազուն Ալվրցեան: