ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 Նոյեմբերին ընդունած է սպանացի օփերայի նշանաւոր երգիչ Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսերը։
Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը։
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է երգիչին՝ Արցախի մէջ համերգով հանդէս գալուն համար՝ նշելով, որ ատիկա մեծապէս կը նպաստէ հանրապետութեան մէջ մշակոյթի զարգացման, մշակութային երկխօսութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ իր մէջ ունի խաղաղութեան պատգամ։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ կարգ մը ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր։ Հանդիպման մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանն ու պաշտօնատար այլ անձեր։
Ատրպէյճան արձագանգած է Փլասիտօ Տոմինկօ կրստերի ԼՂՀ այցելութեան
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երգիչ, երգահան Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսերի Լեռնային Ղարաբաղ կատարած այցելութիւնն ու այնտեղ տեղի ունեցած համերգը զայրացուցած է ատրպէյճանցիները: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ի դէմս նախարար Էլման Ապտուլլայեւի, այս գծով կատարած է յայտարարութիւն մը: Այս մասին տեղեկացուցած է ատրպէյճանական Haqqin.az կայքը:
Էլման Ապտուլլայեւ անգամ մը եւս խօսած է Ատրպէյճանի սկզբունքային տեսակէտին մասին, որուն համաձայն, առանց պաշտօնական Պաքուի հետ համակարգելու՝ Լեռնային Ղարաբաղ տրուած որեւէ այցելութիւն կը նկատուի անօրինական: Ան նշած է, որ իրենք ներկայիս կ՛ուսումնասիրեն Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսերի այցելութեան հարցը:
17 Նոյեմբերին Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսեր սկսաւ Արցախ տուած իր այցելութեան: Օր մը առաջ, Երեւանի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Տոմինկօն մտահոգ չէ՞, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ելոյթ տալէ ետք կրնայ Ատրպէյճանի «Սեւ ցանկ»ին վրայ երեւիլ, ինչպէս Մոնսերաթ Քապալիյէն եւ այլ հանրաճանաչ դէմքեր, երգիչը կէս կատակ, կէս լուրջ ըսած է. «Ես տեղական քաղականութենէն ոչինչ կը հասկնամ։ Հաւանականութիւն կա՞յ, որ զիս բանտարկե՞ն: Դէմ չեմ, եթէ ինծի բարձ եւ վերմակ, տուփ մը ծխախոտ ու սուրճ տաք: Միակ բանը, որ կ՛ուզեմ, այն է, որ յաջորդ առաւօտ զիս չգնդակահարեն»:
Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսերը հռչակաւոր թենոր Փլասիտօ Տոմինկոյի որդին է: Ան երգեր գրած է Լուչիանօ Փաւարոթիի, Տայանա Ռոսի, Թոնի Պենեթի, Մայքըլ Պոլթընի, Փլասիտօ Տոմինկօ աւագի եւ այլ երգիչներու համար: