Այսօր նախատեսուած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սար- գըսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը հաղորդեն թէ Վիեննա կը գտնուի ՀՀ նախագահը: Այցելութեան ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշերի հետ: