Բողոքը կը շարունակուի
Կենսաթոշակային համակարգի օրակարգով՝ անցնող շաբաթավերջին հրաւիրուած Հայաստանի Ազգային Ժողովի նիստը չիրագործուեցաւ, իշխող համախոհական ուժերու՝ ՀՀԿի եւ ՕԵԿի պոյքոթին հետեւանքով:
ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարած էր թէ այդ ուժերը նպատակայարմար չեն նկատեր արտահերթ նիստի գումարումը, ուրեմն որոշած են չներկայանալ խորհրդարան: Նոյն ժամուն ՀՀԿ գրասենեակին դիմաց ժողովրդային բողոքի ցոյցի դիմած էին քաղաքացիները իրենց հակառակութիւնը յայտնելով կենսաթոշակային նոր համակարգին գծով:
«Խափանելով ԱԺ հերթական նիստը՝ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ոչ թէ խաբեց ընդդիմութեանը, այլ խաբեց ինքն իրեն ու ժողովրդին» յայտարարեց Հ.Յ. Դաշնակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանը: «ՀՀԿ-ն փաստարկներ չունի, որպէսզի բացատրի, թէ ինչու չեն մասնակցել խորհրդարանի արտահերթ նիստին»,-ընդգծած է պատգամաւորը, յստակացնելով թէ անոնց կեցուածքը հակասահմանադրական էր: