Print
Category: Հայաստան-Արցախ

EU Observer վերլուծական կեդրոնը հրապարակած է Եւրասիոյ քաղաքականութեամբ եւ տնտեսութեամբ զբաղող ամերիկացի փորձագէտ Ալեքսանդրոս Փեթերսէնի յօդուածը՝ Ղարաբաղի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներու մասին։

Փեթերսէնի գրութիւնը, որ կը կրէ «Ռուսաստան Ղարաբաղի հարցին մէջ կը բանայ իր խաղաքարտերը», կ’անդրադառնայ Գիւմրիի մէջ զետեղուած ռուսական 102րդ ռազմակայանի հրամանատար Անտրէյ Ռուզինսկիի վերջին յայտարարութեան, թէ՝ ռուսական զինեալ ուժերը կը միջամտեն եթէ Ատրպէյճան որոշէ ուժի ճամբով իր վերահսկողութեան տակ առնել Ղարաբաղը։ Ան աւելցուցած էր, որ գալ տարի Ռուսաստան կը ծրագրէ հզօրացնել Հայաստանի հետ ռազմափորձերը:

Ամէնուն համար անշուշտ հանրայայտ «գաղտնիք» է, որ Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին մէջ սթաթիւս քվոն կը պահպանուի Ռուսաստանի կողմէ, որ երկու կողմերուն ալ զէնք կը վաճառէ՝ այդպիսով պահպանելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վրայ իր ազդեցութեան լծակները, ըսած է փորձագէտը շարունակելով, որ ասիկա լաւագոյնս կ’արտացոլէ շրջանի ընդհանուր ռազմավարութիւնը, թէ Հայաստան ամբողջովին կախեալ է Ռուսաստանէն՝ իր պաշտպանութիւնը ապահովելու հարցին մէջ, եւ ատոր գինը Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնն է։ Իսկ այս ամէնուն վառ ապացոյցը նախագահ Սերժ Սարգսեանի անակնկալ որոշումն էր՝ միանալ Մաքսային Միութեան, փոխանակ՝ եւրոպական գործընկերու- թեան։

Փեթերսէն կը գրէ, որ գնդապետ Ռուզինսկիի յայտարարութիւնները կը յիշեցնեն Վրաստանի դէմ ռուսական սպառնալիքները՝ 2008ի պատերազմի նախօրեակին։ Իրականութեան մէջ Ռուսաստան շատ աւելի լաւ պատրաստուած է Ղարաբաղի «սառեցուած» հակամարտութիւնը վերսկսելու իմաստով, քան է՛ր քանի մը տարի առաջ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսիոյ պարագային, կը նշէ ամերիկացի վերլուծաբանը, մանրամասնելով, որ ի տարբերութիւն նշեալ հակամարտութեան, երբ Ռուսաստանի իշխանութիւնը պէտք է պատըրւակ յօրինէր միջամտելու համար, Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ ան պարզապէս կրնայ ակնարկել Հաւաքական ապահովութեան պայմանագրի կազ-մակերպութեան շրջագծին մէջ իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն։

«Միջազգային հանրութեան առջեւ ատիկա կը դիտուի իբրեւ Հայաստանի պաշտպանութիւն, եւ հակառակ անոր որ հակամարտութիւնը կը կեդրոնանայ միջազգայնօրէն ճանչցուած ատրպէյճանական տարածքի՝ Լ. Ղարաբաղի շուրջ, ան աւելի օրինական կը նկատուի՝ քան Վրաստանի միջամըտութիւնը», կ’ընդգծէ յօդուածագիրը, աւելցնելով որ յամենայնդէպս Ռուսաստանը անկողմնակալ կը նկատեն երկու կողմերը։