Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 8-10 Նոյեմբերին Երեւանի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու համահայկական խորհրդաժողովը։

Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին 17 միութիւններէ 25 ներկայացուցիչներ՝ Քանատայէն, Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Հոլանտայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Հիւսիսային եւ Հարաւային Իրանէն, Արցախէն եւ Հայաստանէն։ Պէտք է նշել, որ խորհրդաժողովի աշխատանքներուն մասնակից եղան ՀՅԴ Սուրիոյ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները՝ Սքայփի միջոցով։ Խորհըրդաժողովին կը մասնակցէին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կից Երիտասարդական խորհուրդի անդամներ։

Եռօրեայ նիստերու օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին ՀՅԴ Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու անցնող 18 ամիսներու գործունէութեան զեկուցումը, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի գործունէութեան զեկուցումը, «ՀՅԴ Երիտասարդական հայեցակարգ եւ ռազմավարական նպատակներ» փաստաթուղթերու ներկայացումը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչութեամբ համահայկական երիտասարդական տարողութեամբ աշխատանքներու կազմակերպման հարցը, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ արտերկրի միութիւններու միջոցով պատանեկան ճամբարներու կազմակերպման արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու հարցը եւ յառաջիկայ երկու տարուան գործունէութեան համար առաջարկներու ներկայացումը։ Խորհրդաժողովին մասնակիցները ունկնդրեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեանի դասախօսութիւնը՝ «Հայաստանի աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակն ու հեռանկարները» նիւթով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխան եւ քննարկում։

Եռօրեայ նիստերու ընթացքին հնչեցին բազմաթիւ տեսակէտներ եւ առաջարկներ։ Յատուկ շեշտ դրուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ աշխատանքները ծաւալելու անհրաժեշտութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը միամուռ ջանքերով եւ մեծածաւալ կերպով նշելու հրամայականի եւ 100-ամեակը իբրեւ պայքարի նոր սկիզբ ընկալելու կարեւորութեան, արտաքին-յարաբերական դաշտին մէջ աւելի ազդեցիկ ներկայութիւն ունենալու, միութիւններու կազմակերպական մակարդակը բարձրացնելու, քաղաքական եւ դաստիարակչական աշխատանքները խորացնելու վրայ։

Ընդգծուեցաւ նմանատիպ խորհրդաժողովներու կարեւորութիւնը՝ միտքերու եւ փորձառութիւններու փոխանակման, մէկը միւսին դժուարութիւններուն մասին տեղեկանալու, իրար օժանդակելու եւ նոր ծրագիրներու մշակման տեսանկիւնէն։

Խորհրդաժողովի փակման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան եւ Երիտասարդական խորհուրդի անդամ Մուրատ Թոփալեան։ Խորհրդաժողովը ընթացաւ ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ։