Նախագահ Սերժ Սարգսեանն երէկ աշխատանքային այցով մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգըսեան եւ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար
Մովսէս Յակոբեան կ'այցելեն սահմանապահ զօրամասեր
ԼՂՀ Նախագահ Բակօ Սահակեանի, հայկական երկու հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու եւ զինուած ուժերու բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներուն հետ Սերժ Սարգսեան պիտի այցելէ պաշտպանութեան բանակի կարգ մը զօրամասեր, պիտի ծանօթանայ զինուած ուժերու մարտական պատրաստութեան եւ բանակաշինութեան ընթացիկ աշխատանքներուն:
Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքէջը: