Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցով կը գտնուի ԼՂՀ մայրաքաղաք Ստեփանակերտ, ուր Ստեփանակերտի քաղաքապետի ուղեկցութեամբ այցելեց ԼՂՀ մայրաքաղաքի յուշահամալիր,

յարգանքի տուրք մատուցելու Հայրենական մեծ պատերազմի եւ Արցախեան ազատամարտի զոհերու յիշատակին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, Տարօն Մարգարեան ծաղիկներ զետեղեց նաեւ Արցախեան ազատամարտի զոհուած մարտիկներու շիրիմներուն: