Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Եռաբլուրի բարձունքին վրայ անցնող շաբաթավերջին արդէն բոլոր ազատամարտիկներու շիրիմներուն վրայ թարմ ծաղիկներ զետեղուած էին:

Մէկ անգամ եւս յիշելու համար, թէ ի՛նչ գին ունի խաղաղութիւնը եւ որո՛նք էին անոնք, որոնք կերտեցին այն: Երիտասարդներուն այս հարցի մասին կը պատմէին մարդիկ, որոնք խա- ղաղութեան համար պայքարեցան մարտի դաշտերուն եւ յիշատակները միշտ վառ ունին իրենց հոգիներուն մէջ:

«Միջացառումը ճիշդ ու տեղին է, քանի որ գնահատել ու արժեւորել զոհաբերութիւնը, գնահատել, որ սերունդները հասկանան, որ հայրենիքը պաշտպանելը սուրբ գործ է, երկրի պաշտպանութիւնն առաջնային է»,- ըսաւ ՀՅԴ ազատամարտիկներու յանձնախումբի ատենապետ Իգոր Սարգսեանը։

Եռաբլուր այցելութիւնը կազմակերպուած էր Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամներու կողմէ:

«Մեր բոլոր կազմակերպութիւնները` ՀՕՄ, Երիտասարդական Միութիւն, Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական, Ազատամարտիկների յանձնախումբ, ահել ու ջահել միասին, ի մի գալով, եկել ենք մեր յարգանքի տուրքը մատուցեու ազատամարտիկներին, որոնք պահեցին մեր երկիրը, որ կարողանաք ապրել խաղաղ պայմաններում»,- ըսաւ Հայ Օգնութեան միութեան Հայաստանի շրջանային վարչութեան անդամ Նարինէ Գալստեանը:

«Գաղափարը հետեւեալն է` յիշել զոհուած ազատամարտիկներին, վառ պահել նրանց յիշատակը: Կազմակերպել ենք ծառատունկ, 50 եւ աւելի ծառեր են տնկուել, ՀՅԴ երիտասարդները միասնական ջանքերով աշխատանքները կատարել են, հիմա էլ ծաղիկներ ենք դնելու»,- ասաց ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալյան ուսանողական միութեան անդամ Ռուսլան Բարսեղեանը։

Եռաբլուրի վրայ արդէն աւելի քան 50 եղեւնի տնկուած է այս միութիւններու ջանքերով: Հազիւ տնկիները արդէն ջրելու կարիքը կը զգացուէր, վրայ հասաւ անձրեւոտ եղանակը, եւ ինքնին ստանձնեց այս գործը:

Անձրեւը, սակայն, որեւէ ձեւով չի խանգարեց բժշկական մէկ այլ նախաձեռնութիւն, որ նոյն ժամուն կը կատարուէր: Ոսկրածուծի ռեեստրի հերթական դոնորագրումը Եռաբլուրւ վրայ յատուկ խորհուրդ ունի: 25 հազար դոնորները աւելցան մի քանի հոգիի մասնակցութեամբ, իսկ գուցէ անոնցմէ մէկը շուտով իմանայ թէ կրնայ փրկել աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնը ապրող հիւանդի կեանք, ինչպէս նախորդ նման դոնորագրումէն յետոյ: Ապրիլ 24-էն առաջ ջահերով երթի ընթացքին նոյն գործը կատար- ւած էր եւ դոնորագրուած երիտասարդ մը դարձաւ իտալացի աղջկայ մը այսուհետեւ արիւնակցական բարեկամը:

Միջոցառման կազմակերպիչները եկած էին նաեւ Եռաբլուրի աշխատակազմի համար նուէրով՝ խոտհնձիչ մեքենայ, որը որոշ չափով Եռաբլուրի աշխատակիցներու աշխատանքը պիտի թեթեւցնէ:

Յարգանքի տուրք ու վերջը հոգեհանգստի արարողութիւն՝ հայրենիքի ազատութեան համար զոհուածներու յիշատակին: