Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Տպագրութեան յանձնուած է Վարդան Օսկանեանի յուշագրութեան գիրքը, որ վերնագրուած է «Անկախութեան Ճանապարհով:

Փոքր Երկրի Մեծ Մարտահրաւէրները. Նախարարի ծրագրից»: Յուշագրութեան մէջ արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան կ՛անդրադառնայ Հայաստանի դիւանագիտական գերատեսչութեան մէջ իր աշխատանքին, զայն ղեկավարելու ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախութեան նախորդած տարիներուն իր անցած ուղիին: Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկային։