Հայկական բանակի հետախուզական բաժանմունքներու տպաւորիչ ցուցադրութիւններ կայացան «Արզնի» օդանաւակայանին մէջ, ի ներկայութիւն Հայաստանի քաղաքական եւ զինուորական բարձրապաշտօն ղեկավարութեան:
Հայկական բանակին ծառայող երիտասարդները, իրենց ցուցադրած մարզական-ռազմական կարողութիւններով՝ հպարտութեան խոր զգացումներ յառաջացուցին ներկաներուն մօտ: