Հանդիսաւոր նիստին ներկայ էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ., Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա., Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ., Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ վեր. Մկրտիչ Մելքոնեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սեդրակ Աճէմեան, ՌԱԿ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մայք Խարապեան, ՀՀԿ եւ ՌՀՄ նախագահ Արա Աբրահամեան:
Հանդիսաւոր նիստին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Ողջունելով եւ շնորհաւորելով Հայաստանի Անկախութեան 20րդ տարեդարձին առթիւ՝ ան համաժողովի մասնակիցներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան առընչուող այն հիմնախնդիրներուն վրայ, որոնք կենսական են Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հզօրացման, ազգային միասնութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հայապահպանութեան համար:
Ընդգծելով Սփիւռքի դերը Հայրենիքի զարգացման գործին մէջ՝ ՀՀ նախագահը նշեց նաեւ, որ «Սփիւռքը նաեւ մեր ցաւն է», իսկ «ամենաազդեցիկ միջոցը Սփիւռքի ուծացման դէմ պայքարում՝ Հայաստանի հզօրացումն է»… «Սփիւռքն ու Հայաստանը պէտք է դառնան միմեանց շարունակութիւն», «Միայն վերածնուած Հայրենիքի հզօրացմամբ կարելի կը լինի դիմագրաւել գլոբալացումից բխող ուծացման վտանգին, ինքնութեան կորստին»:
Նախագահը շեշտեց նաեւ, որ «Ազգի իղձերն ու Հայաստանի ճակատագիրը միացնում են հայ ժողովրդին»:
Համաժողովին իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ., նշելով, որ «ժողովուրդներն ապրում եւ գոյատեւում են իրենց հայրենիքով, իսկ հայրենիքը՝ իր զաւակներով»: Անդրադառնալով համազգային նշանակութեան խընդիրներուն՝ Հայաստանի հզօրացում, Արցախի ճանաչում ու բարօրութիւն եւ Ցեղասպանութեան ճանաչում՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը շեշտեց.
«Պահանջատիրութիւնը մեր ժողովրդի հոգու պարտքն է՝ մեր նախնեաց յիշատակի եւ Աստծոյ առջեւ»:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին խօսքը տեսնել քովի սիւնակով:
Այնուհետեւ համաժողովի մասնակիցներուն ողջոյնի խօսք ուղղեցին նախագահ Բակօ Սահակեանը, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, վերապատուելի Մկրտիչ Մելքոնեանը: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը, որուն խօսքը կը հրատարակենք ստորեւ:
Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը, որ ժողովի մասնակիցներուն ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման ներկայ փուլը: Նալբանդեան նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը մեր արտաքին քաղաքականութեան առանցքային հարցն է:
«Կարգաւորման ճանապարհին մենք ունեցել ենք թէ՛ յաջողութիւններ, թէ՛ բացթողումներ: Եղել են պահեր, երբ համաձայնութեան կայացումը բաւական մօտ է թուացել, սակայն Ադրբեջանը վերջին պահին հրաժարուել է ամենաբարձր մակարդակով արդէն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններից, ինչպէս դա եղաւ, երբ Բաքուն հրաժարուեց 2001 թուականին Փարիզում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններից», յայտնեց նախարարը, նկատել տալով, որ 10 տարի անց՝ նոյնը կատարուեցաւ Քազանի մէջ:
Նախարար Նալբանդեան շարունակեց իր խօսքը, դիտել տալով թէ վերջին տարիներուն, չկարենալով բանակցային գործընթացին մէջ իրականացնել իր անիրատեսական պատրանքները, նաֆթային եկամուտներէն ստացուած գումարները գործօն դարձնել իր օգտին՝ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ, եւ հասնելով հանգրուանի մը, ուր իր մօտեցումները ակնյայտօրէն հակասութեան մէջ մտած են միջազգային հանրութեան դիրքորոշման հետ՝ Պաքուի իշխանութիւնները այժմ կը փորձեն ձերբազատիլ եռանախագահներուն կողմէ ներկայացուող հիմնարար սկզբունքներէն եւ բանակցութեանց ձախողութեան պատասխանատուութիւնը բարդել այլ կողմերու վրայ: