Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Ոսկերչական գործի արդի վիճակը. խնդիրներն ու հեռանկարները»
խորագրով
համաժողովի կազմակերպում
 

Իր յաջող աւարտին հասաւ երրորդ անգամ կազմակերպուող Հայ Ոսկերիչներու Միութեան տարեկան ցուցահանդէսը, որ նախորդ շաբթու ընթացքին կայացաւ Երեւանի մէջ։

Շատ փայլուն ներկայութիւններով յատկանշուեցան ցուցահանդէսի օրերը, եւ մեծ թիւով ցուցադրողներու եւ այցելուներուներկայութեամբ։
Տուեալ ցուցահանդէսին Յունաստանէն մասնակցեցաւ Գէորգ Գոլանեանի «Orofasma» ընկերութիւնը: 

Երկու օր առաջ կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ հանդիպումը՝ Կարէն Տէմիրճեան անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, ուր Հոկտեմբեր 28ին կայացաւ «Ոսկերչական գործի արդի վիճակը. խնդիրներն ու հեռանկարները» խորագիրը կրող համաժողով։ Ներկայ եղան Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային ընկերութեան եւ հայ ոսկերիչներու բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-էն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն, Պելճիքայէն, Ճափոնէն, Գանատայէն, Թուրքիայէն եւ այլ երկիրներէ ժամանած հայ եւ օտարազգի ոսկերիչներ։

Ողջունելով հիւրերը Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհաւորեց բոլորին հայ ոսկերիչի օրուայ կապակցութեամբ եւ մաղթեց լայն հնարաւորութիւններ, միասնական լինելու եւ հայրենիքի առաջընթացին ակտիւօրէն մասնակցելու վճռականութիւն: Բարձր գնահատելով սփիւռքահայ ոսկերիչներու աւանդը համաշխարհային ոսկերչութեան զարգացման եւ Հայաստանը ոսկերչութեան կեդրոններէն մէկը դարձնելու գործով, ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Վերջերս Սփիւռքի նախարարութիւնը ամփոփեց իր հնգամեայ գործունէութիւնը, եւ արդէն երեք տարի դուք մեր կողքին էք, ցանկանում եմ, որ բոլոր նման հաւաքների շնորհիւ բացուեն աշխատատեղեր, կեանքի կոչուեն այնպիսի նախաձեռնութիւններ, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման:

Ներկաներուն ողջունեցին եւ հիւրընկալութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին ոսկեգործութեան համաշխարհային հաւաքի նախագահ Գաետանօ Կավալյերին եւ հայ ոսկերիչներու ընկերութեան նախագահ Գագիկ Գէորգեանը:

Ցուցադրուեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան պատրաստած ֆիլմը՝ նուիրուած Երեւանի մէջ 2012թ. կայացած հայ ոսկերիչներու աշխատանքներու ցուցահանդէսին:

Հիւրերւոն ողջունեցին Այրարատեան հայրապետական թեմի «Ծաղկազարդ» համախումբը, Գիւրջիեւի անուան ժողովրդական նուագարաններու համոյթը, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անւան խօսքի մշակոյթի կեդրոնի սան Յարութ Տօնոյեան, ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Ռուբէն Սահակեանը:

 

 

Ոսկերիչները հեռանկարային կը նկատեն Հայաստանը

ոսկեգործութեան կեդրոն դարձնելու գաղափարը 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստանն ունի ոսկեգործութեան կենտրոն դառնալու բոլոր հնարաւորութիւնները, եւ անհրաժեշտ է միայն այդ նպատակին հասնելու միասնական ցանկութիւն»: «Ոսկերչական գործի արդի վիճակը. խնդիրներն ու հեռանկարները» համաժողովին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց «Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան» (AJA - Armenian Jewellers Association) նախագահ Գագիկ Գէորգեան: Ան ոսկերչական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ անհատ ոսկերիչներուն ներկայացուց Հայաստանի մէջ ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծման նախագիծը՝ նշելով, որ անիկա համախմբող կառոյց պիտի դառնայ բոլոր ոսկերիչներուն համար: «Մենք ցանկանում ենք համախմբել հայ ոսկերիչների ունեցած գիտելիքն ու փորձը՝ Հայաստանը ոսկեգործութեան կենտրոն դարձնելու համար: Հայաստանի եւ հայկական ոսկերչութեան նկատմամբ տարէցտարի աւելացող հետաքրքրութիւնը լաւագոյն վկայութիւնն է այդ ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքի», նշեց Գէորգեան: Հայ ոսկերիչին համակարծիք էր նաեւ իտալացի ոսկերիչ, Ոսկեգործութեան համաշխարհային համախորհուրդի նախագահ Կաեթանօ Քաւալյէրին:

Հայաստանի տնտեսութեան փոխ նախարար Տիգրան Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ բացի ազատ տնտեսական գօտիի նախագիծի քննարկումէն, հիմնական է նաեւ Մաքսային Միութեան անդամակցութեան եւ ոսկերչութեան վրայ անոր ազդեցութեան հարցը: «Սփիւռքահայ ոսկերիչները փաստում են, որ Մաքսային միութիւնը նոր շուկայ է եւ կը տայ արտադրանքի սպառման մեծ հնարաւորութիւն: Որքան էլ խօսուի արտադրութեան ընդլայնման մասին, հարկաւոր է նաեւ հաշուի առնել դրա սպառման հարցը: Այս պարագայում Միութեանն անդամակցումը շահաւէտ կարող է լինել», շեշտեց փոխ նախարարը: