Երէկուընէ Տաւուշի մարզի Վազաշէն-Պառաւաքար հատուածը մօտ 18 քմ. երկարութեամբ փակ է: Այստեղ հսկողութիւն կÿիրականացնեն ռազմական ոստիկանութեան աշխատակիցները:
Ինչպէս հաղորդած էինք, Հոկտեմբեր 22-ին հակառակորդի արձակած գնդակներէն վիրաւորուած երեք ժամկետային զինծառայողները առաջին բժշկական օգնութիւնը ստացած էին Իջեւանի բժշկական կեդրոնին մէջ, այնուհետեւ տեղափոխուած էին զինուորական հիւանդանոց:
Իջեւանի մէջ բժշկական կեդրոնի վիրաբոյժ Հռիփսիմէ Ղալումեանը «Ազատութիւն» ձաձնասփիւռի կայանին փոխանցած է, որ զինուորականներէն որեւէ մէկուն վտանգ չի սպառնար:
«Երկուսի մօտ ախտորոշուել է կրծքավանդակի հրազէնային վիրաւորում, մէկի մօտ՝ ականջախեցու հրազէնային վիրաւորում: Զինուորների կեանքին վտանգ չի սպառնում»,- փոխանցած է բժիշկը:
Յիշեցնենք՝ Բերդ-Իջեւան ճանապարհի Պառաւաքարի հատուածին վրայ ատրպէյճանական կողմը կրակ բացած է ճանապարհով ընթացող մեքենաներուն վրայ, կրակահերթէն տուժած էին ինչպէս քաղաքացիական, այնպէս ալ զինուորական ինքնաշարժներուն մէջ եղած անձիք: Զինծառայողներուն մարտական հերթապահութեան տեղափոխող զինուորական ինքնաշարժը շարասեան վրայ բացուած կրակի հետեւանքով զոհուած էր 19-ամեայ ժամկետային զինծառայող, շարքային Գարիկ Պօղոսեանը:
Դէպքը տեղի ունեցած էր Վազաշէն գիւղէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Կրակոցներու ձայնը գիւղացիները պարզ լսած են: Անոնք կÿըսեն՝ կրակոցներու ձայներ յաճախ կը լսեն, ատիկա իրենց համար սովորական երեւոյթ դարձած է: Երէկուանը ալ գիւղացիներէն շատերը ընդունած են իբրեւ հերթական կրակոցներ: «90 թուից մինչ էսօր մենք կրակոցների մէջ ենք, ուղղակի մենք վախում ենք մեր երեխաների համար»,- ըսած է Վազաշէնցի կին մը:
Ատրպէյճանական կողմի կարկոցները շատցած են յատկապէս վերջին շաբաթուան ընթացքին: Գիւղի բնակիչներէն մէկուն խօսքով՝ նոյնիսկ կրակած են բնակելի տուներու վրայ:
Դեռ յայտնի չէ, թէ երբ կը բացուի Վազաշէն-Պառաւաքար ճանապարհը: Գիւղացիները մտահոգուած են. բացի այն, որ իրենց հեկթարներով հողատարածքները չեն կրնար մշակել, քանի որ անոնք հակառակորդի վերահսկողութեան տակ են, ճանապարհը փակելը իր հերթին կը խոչընդոտէ գիւղացիներուն աշխատանքը: Վազաշէնի մօտ փոքրիկ տարածքի մը մէջ միշտ առեւտուր կ'ընէին Բերդի բնակիչները, մինչդեռ այսօր փաստօրէն այդ մէկն ալ չեն կրնար ընել: