Հայաստանի մէջ բնակիչներու ծերացման ցուցանիշը ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան Մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժնի պետ Կարինէ Գույումճեանի 11.5% է, մինչ դեռ ՄԱԿ-ը 7-8 առ հարիւր տոկոս ծերացման ցուցանիշ ունեցող երկիրները «ծերացող» կը համարէ։
Պտղաբերերութեան ցուցանիշը Հայաստանի մէջ 1.6 երեխայ է, սակայն պարզ վերարտադրութեան համար այն պէտք է նուազագոյնը 2.1 երեխայ ըլլայ։
Այս փաստին զուգահեռ պէտք է աւելցնել՝ այս տարուան ընթացքին ծնելիութեան նուազած ցուցանիշը, եւ նոյն պահուն մահուածութեան դէպքերու աճը:
Նախորդ տարուայ համեմատ 2.1 տոկոսով աճ արձանագրած են նաեւ մինչեւ 1 տարեկան երեխաներու մահուան դէպքերը: Այս տարի այդ թիւը 261 է:
Ամուսնութիւնները
Աւելցած են 7.2%ով, Ամուսնալուծութիւնները՝ 6.9%ով
«Հայաստանի իւրաքանչիւր 1000 բնակիչներու մէջ՝ մէկը ամուսնալուծուած է» ըստ հրապարակուած տուեալներուն, կը յայտնեն վիճակագրական տուեալները։