Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գործատուներու կողմէ կ’առաջարկուին բաւական գրաւիչ պայմաններ, մասնաւորապէս, ապահովելով բարձր աշխատավարձ, բնակութեան բաւարար պայմաններ, ինչպէս նաեւ օդանաւի տոմսեր: Էմիրութիւնները ունին խիստ զարգացած տնտեսութիւն, որուն կը նպաստեն երկրի ունեցած հարուստ պաշարները։

ՀՀ կառավարութեան նիստին հաւանութիւն տրուեցաւ “Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կառավարութեան միջեւ ԱՄԷ տարածքին Հայաստանի աշխատուժի օգտագործման մասին” համաձայնագրի կնքման նպատակայարմարութեան:
Համաձայնագրի կնքումը կը հիմնաւորուի այն հանգամանքով, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ունի խիստ զարգացած տնտեսութիւն, որ վերջին տարիներու ընթացքին կը շարունակէ զարգանալ մեծ քայլերով, որուն կը նպաստեն երկրի ունեցած հարուստ պաշարները: Երկրի իշխանութիւնները կը վարեն տնտեսական, այսպէս կոչուած, “Բաց դռներու” քաղաքականութիւն:  ԱՄԷ-ի տնտեսութեան եւ հասարակական կեանքի տարբեր բնագաւառներու հսկայածաւալ ծրագրերը կ’իրականացուին օտարերկրեայ աշխատուժի  ներգրաւմամբ (Հնդկաստան, Փաքիստան, Ֆիլիփիններ, արաբական երկիրներ եւ այլն): ԱՄԷ իշխանութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս  նաեւ գործատուները շահագրգռուած են նաեւ  Հայաստանէն մասնագէտներ հրաւիրելու հարցով:
Փաստաթուղթը մէկ կողմէն իրաւական երաշխիքի դեր կը կատարէ ԱՄԷ-ի մէջ գտնուելիք ՀՀ քաղաքացիներու համար, միւս կողմէ՝ հնարաւորութիւն կու տայ ունենալու տեղեկութիւններ ԱՄԷ-ի մէջ առկայ թափուր աշխատատեղերու մասին.
ԱՄԷ-ի գործատուներու կողմէ կ’առաջարկուին բաւական գրաւիչ պայմաններ, մասնաւորապէս, ապահովելով բարձր աշխատավարձ, բնակութեան բաւարար պայմաններ, ինչպէս նաեւ օդանաւի տոմսեր:
ՀՀ փոխ վարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանի պարզաբանմամբ՝ գործընթացը ունի նախապատմութիւն, քննարկումները սկսած են արդէն  8-9 տարի առաջ, եւ ժամանակին հարցը յառաջացած է այն պատճառով, որ Քաթարի իշխանութիւնները ցանկութիւն յայտնած են, որ հայ շինարարական              կազմակերպութիւնները մասնակցին Քաթարի մէջ ընթացող աշխատանքներուն։