Սիրուած յոյն երգիչ Սաքիս Ռուվաս՝ Սիրուշոյի հետ համագործակցաբար նոր տեսահոլովակ մը պատրաստած են «Տես» խորագրով:
Եւրատեսիլի նիւթեր հրապարակող eurovision.tv կայքէջի հաղորդմամբ, Սիրուշօ հարցազրոյց մը տուած է, ուր կը յայտնէ թէ ինք միշտ կը ստանայ իր երգրպագուներու առաջարկը՝ Եւրատեսիլին դարձեալ մասնակցելու համար, բայց կը նախընտրէ առաջ շարժիլ եւ աճիլ որպէս արուեստագէտ:
Խօսելով Սաքիս Ռուվասի հետ իր համագործակցութեան մասին, Սիրուշօ կÿըսէ թէ «մեր ժողովուրդները շատ ընդհանրութիւններ ունին: Երքուքն ալ շատ զգացմունքային են: Մենք դիւրութեամբ կը տխրինք ու կը զայրանանք, բայց եւ հաստատ գիտենք, թէ ինչպէս պէտք է զուարճանալ: Հայերը եւ յոյները աշխարհի ամէնէն հին ժողովուրդներէն են: Մեր երկիրներու ընկերութիւնները երկար տարիներու պատմութիւն ունին եւ նման յարաբերութեան արդիւնքն են մշակոյթի մարզէն ներս համագործակցութիւնները» դիտել տուած է Սիրուշօ:
Յիշեցնենք, որ Սիրուշօ 2008ին մասնակցած էր Եւրատեսիլին, գրաւելով չորրորդ դիրքը: