Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած զինուորական տողանցք ծրագրուած է Չորեքշաբթի 21 Սեպտեմբերին։ Նախապատրաստական աշխատանքները գրեթէ ամբողջացած են եւ Հանրապետութեան հրապարակը պատրաստ է ընդունելու պաշտօնական տողանցքին մասնակցող բարձրապաշտօն անձնաւորութիւնները, զինուորականները, հիւրերը։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ տողանցքի փորձը, որ Զինուած Ուժերու պատրաստուածութեան բարձր մակարդակը ցոյց տուաւ։
Տարբեր բնոյթի մշակութային երեկոներ, ցուցահանդէսներ, պաշտօնական ելոյթներ, պարգեւատրումներ
արդէն ընթացքի մէջ են այս շաբթու ընթացքին։