Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի

ու պիտի ընդլայնուի» կը հաստատեն եւրոպացի պաշտօնեաները 

Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան կոմիտէի 14րդ նիստը տեղի ունեցաւ երէկ 22 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ:

Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան հարցերու տնօրէն Գունար Վիգանդը դիտել տուաւ թէ «մինչեւ Վիլնիւսի գագաթնաժողով քիչ ժամանակ մնացած է, եւ մենք այստեղ ենք, որպէսզի քննարկենք Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ապագան ու լուծումներ գտնենք ստեղծուած իրավիճակներուն համար» ըսած է ան, որ հաւաստիացուցած է թէ փոխադարձ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի ու պիտի ընդլայնուի:

Հոկտեմբեր 21-ին, ՀՀ ԱԳ նախարար, ԵԽ Նախարարներու կոմիտէի նախագահ Էդուարդ Նալպանտեան եւ ԵԽ Գլխաւոր քարտուղար Թորպէորն Եակլանտ Երեւանի մէջ բացումը կատարած էին «Պայքար Եւրոպայի մէջ խտրականութեան, այլատեացութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ» բարձրաստիճան ժողովին: