Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հոկտեմբեր 17-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Արժանթինի արտաքին առեւտուրի քարտուղար Պեատրիս Պագլիերին, որ Հայաստան ժամանեց հայ-արժանթինեան գործարար համաժողովին մասնակցելու նպատակով:

Ողջունելով հիւրին՝ նախարար Նալբանդեան գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան զարգացման կապակցութեամբ նշելով, որ այդ գործընթացով կարեւոր դերակատարութիւն ունի արժանթինահայ համայնքը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Պեատրիս Պագլիերին ըսաւ, որ Արժանթինը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ համակողմանի փոխ-գործակցութեան զարգացմամբ եւ արժանթինեան գործարարներու ներկայացուցչական պատուիրակութեան այցելութիւնը եւ գործարար համաժողովը անոր վկայութիւնն են:

Հանդիպման մտքեր փոխանակեցին երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական փոխ¬գործակցութիւնը խթանելու ուղիներու շուրջ, կարեւոր նկատեցին գիւղատնտեսութեան, թեթեւ արդիւնաբերութեան, սնունդի վերմշակման, դեղագործութեան եւ թուրիզմի ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը:

Երկուստէք նշուեցաւ, որ մուտքի արտոնագրային ռեժիմի ազատականցումը կարեւոր գործօն է համագործակցութեան եւ փոխանակումներու ընդլայնման համար: