Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Եւրոպայի Եալթա քաղաքին մէջ 11-13 Հոկտեմբեր 2013-ին տեղի ունեցան Եւրոպայի քոնկ ֆուի ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մարզիկները:

Սոյն մրցաշարքը կ՛ընդգրկէր թաուլու, թայ չի չուան եւ սանտա մարզաձեւերը: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 6 երկիրներէ 35 մարզիկներ:

Հայաստանի եւ Արցախի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը բերաւ 9 մարզիկներով‘ գլխաւորութեամբ աւագ մարզիչ Սարգիս Յարութիւնեանի: Անոնք խլեցին 5 ոսկիէ եւ 1 արծաթէ մետալներ: Հայ սեւ գօտիներու միութեան Արցախի մասնաճիւղի մարզիկներէն Դաւիթ Պետրոսեան եւ Վարդգէս Մանասեան ախոյեաններ հանդիսացան Սանտայի մարզաձեւին մէջ, իսկ Դաւիթ Գրիգորեան նուաճեց երկրորդ դիրքը:

Մրցաշարքի հերոսը հանդիսացաւ Հայաստանի Հայ սեւ գօտիներու միութեան մարզիկներէն Հենրիկ Ազատեան, որ եզրափակիչ մրցումին ջախջախելով Ազրպէյճանի մարզիկը‘ հանդիսացաւ ախոյեան: