Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, որ Մոսկուայէն նոր վերադարձած է, հայաստանեան հեռատեսիլի կայաններէն մէկուն յայտարարած է,  թէ՝ մեր գործակից Ռուսաստանի դիրքորոշումը յստակ է, եւ թէ ան պատրաստ է Հայաստանի յարաբերութիւններու սերտացման՝ Եւրոպական Միութեան հետ, ներառեալ՝Գործընկերութեան համաձայնութեան շրջանակէն ներս:
Միանգամայն, վարչապետը անգամ մը եւս պաշտպանած է Մաքսային Միութեան անդամակցելու Հայաստանի ընտրութիւնը՝ ընդգծելով այդ քայլին կենսական կարեւորութիւնը՝ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն առումով, նաեւ տնտեսական այն առաւելութիւններուն տեսանկիւնէն, զորս նշեալ անդամակցութիւնը պիտի ընձեռէ Հայաստանին:
Ըստ վարչապետի խօսքերուն՝ Մաքսային Միութեան միացումի գործընթացէն դուրս մնալ՝ պիտի նշանակէր լուրջ պատուարներու դէմ կանգնիլ Ռուսաստանի հետ շատոնց հաստատուած ռազմավարական գործընկերութիւնը շարունակելու տեսանկիւնէն: