Print
Category: Հայաստան-Արցախ

կը հաստատէ ամերիկեան «Քարնըկի»ի փորձագէտը

Ուաշինկթընի մէջ տեղակայուած Միջազգային խաղաղութեան «Քարնըկի» հիմնադրամի փորձագէտ Թոմաս տէ Վաալ, The National Interest հանդէսին մէջ, կ՛անդրադառնայ Հայաստանի արտագաղթին՝ սկսելով Գիւմրի իր այցելութեան յուշերով:

Անդրադառնալով երկրաշարժին յաջորդող 23 տարիներուն՝ ան կը նշէ, թէ Գիւմրին տակաւին չէ վերականգնած, եւ թէ 6000 ընտանիք կը շարունակէ ապրիլ ժամանակաւոր կացարաններու մէջ։

 

Տուներուն կէսը լքուած է ու հազարաւոր մարդիկ հեռացած են 

«Բայց Գիւմրիի մէջ կայ շատ աւելի թաքնուած խնդիր, որ առաւել ակնյայտ է՝ համեմատած մայրաքաղաք Երեւանի կամ նախկին Խորհրդային Միութեան մեծ քաղաքներու հետ», - կը գրէ Թոմաս տէ Վաալ եւ կը նշէ, թէ տուներուն կէսը լքուած է ու հազարաւոր մարդիկ հեռացած են:

Փորձագէտը կը համադրէ անցեալ ամսուան վերջաւորութեան եօթմիլիառերորդ մարդու ծննդեան առնչութեամբ համաշխարհային հրճուանքը եւ որոշ երկիրներու մէջ ժողովրդագրական անբաւարար պատկերը: «Մեծ մասամբ նախկին խորհրդային երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Ռուսիա, Ուքրանիա եւ Պելոռուսիա, ծնելիութեան ցած ցուցանիշներու պատճառով, բնակչութիւնը անհրաժեշտ չափով չի համալրուիր»,- կը գրէ տէ Վաալ եւ կը վկայակոչէ այն պնդումը, թէ ժողովրդագրական ցուցանիշներու անկման պատճառը նաեւ արտագաղթն է:

«Այս խնդիրը հարուածած է նաեւ Կեդրոնական Ասիան, Վրաստանը, Ատրպէյճանը, ուր յատկապէս գիւղացի երիտասարդութիւնը կը մեկնի առաւելապէս Ռուսիա կամ նախկին Խորհրդային Միութեան մեծ քաղաքները»,- կ՛աւելցնէ փորձագէտը:

Ըստ Թոմաս տէ Վաալի, Հայաստանի արտագաղթի տուեալները աւելի վատ չեն, քան Հարաւային Կովկասի երկու հարեւան երկիրներունը՝ Ատրպէյճանինը եւ Վրաստանինը: Ան կը նշէ նաեւ, որ Հայաստանը փոքր երկիր է, եւ այս հանգամանքը արտագաղթը կը դարձնէ առաւել քննադատելի խնդիր:

«2001ի մարդահամարի տուեալներով, Հայաստանի մէջ կÿապրէր աւելի քան 3 միլիոն մարդ, բայց հիմա կÿըսեն, որ ատիկա աւելի լաւ ցուցանիշ էր քան այն, որ կայ այսօր: Ցուցանիշները անկում արձանագրած են, բացի 1989-1992ի տարիներու իրավիճակէն, երբ Հայաստան գաղթեցին Լեռնային Ղարաբաղէն, Ատրպէյճանէն կամ Միջին Արեւելքէն», կը գրէ վերլուծաբանը:

«Քարնըկի» հիմնադրամի աւագ փորձագէտը իր հրապարակումը կ՛եզրափակէ՝ յուսալով, որ երբ Հայաստանը ապրի ազգային ծաղկունք, գաղթողները պիտի վերադառնան: