Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստան Հիմնադրամի Հեռուստամարաթոն 2013-ի դրամահաւաքը այս տարի ծրագրուած է ուղղել Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման:

Հիմնադրամի այս երրորդ ճանապարհային հիմնական ծրագիրն է որ կ'իրագործուի համահայկական ջանքերով: Նախատեսուած 116 քիլոմեթր երկարող ճանապարհը, որ Մարտակերտը Վարդենիսին պիտի միացնէ՝ մեծ խթան պիտի հանդիսանայ մեր երկու հանրապետութիւններու ընկերային-տնտեսական կեանքի զարգացման:

Այսօր դժուար է թերագնահատել մէկը միւսին յաջորդած «Գորիս-Ստեփանակերտ» եւ «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիներու կարեւորութիւնն ու ազդեցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսութիւններուն մէջ, որու դրական անդրադարձով պայմանաւորուած է նաեւ բնակչութեան կենսամակարդակը:

Այս մայրուղիները Հիմնադրամին հնարաւորութիւն ընձեռեցին արդիւնաւէտ ձեւով եւ առաւել կարճ ժամկէտներու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ կեանքի կոչել կարեւորագոյն ենթակառուցուածքներ: Կառուցուեցան կամ նորոգուեցան դպրոցներ, բուժհաստատութիւններ, ջրամատակարարման ու կազամատակարարման համակարգեր, մշակութային հաստատութիւններ եւ այլն:

Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհը արդէն իսկ անհրաժեշտութիւն դարձած այլըտրանքային ճանապարհ է, որը ուղիղ կապ պիտի հաստատէ Հայաստանի եւ Արցախի հիւսիսային շրջաններուն միջեւ՝ զգալիօրրէն կրճատելով այն տարածութիւնը, որ այսօր կ'անցնի Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիով: Ճանապարհի գործարկումը պիտի աշխուժացնէ միջհամայնքային կապը (որ մինչեւ այսօր կ'իրագործուէր միայն Բերձորի համայնքի միջոցով), ինչպէս նաեւ նոր խթան պիտի հանդիսանայ յարակից համայնքներու բնակչութեան կեանքի պայմաններու բարելաւման: 

Յունաստանի մէջ Հայաստան Հիմնադրամի տեղական մասնաճիւղը

տարեկան իր թելեթոնը պիտի կազմակերպէ Նոյեմբեր 23-24ին