Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ ըրած է ուսումանասիրել՝ եթէ  Սեպտեմբեր 12ին ԼՂ Մարտունի շրջանի Վազգէնաշէն գիւղի մերձակայքին ոչնչնցուած ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքի հետ առնչուած տեսանիւթի մէջ առկայ ապացոյցը բաւարար է, որպէսզի ԱՄՆ հետաքննութիւն   սկսի՝ պարզելու համար ԱՄՆ-ի արտահանումներու օրէնքներու հնարաւոր խախտման դէպքերը:


Ինչպէս կը հաղորդէ մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»  օրաթերթը, յանձնախումբը համապատասխան խնդրանքով դիմած է նախարար Հիլարի Քլինթընին, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ տեսանիւթի մէջ կ’երեւի թէ  վերոյիշեալ սարքի մասերը արտադրուած են գանատական NovAtel ընկերութեան կողմէ, որը գրասենեակներ ունի նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ:
“Յարգելի արտաքին գործոց նախարար Հ. Քլինթըն, Ձեզի կը գրեմ՝ պաշտօնապէս խնդրելով, որ արտաքին գործոց նախարարու-թիւնը ուսումնասիրէ, թէ ատրպէյճանական անօդաչու սարքի ոչընչացման տեսանիւթի մէջ առկայ ապացոյցը բաւարար է արդեօք` զէնք-զինամթերքի վաճառքն ու օգտագործումը կարգաւորող օրէնքներու խախտման դէպքերու առընչութեամբ հետաքննութիւն սկսելու համար....
Ոչնչացուած սարքի մասերու վրայ կ’երեւի Novatel ընկերութեան անուանումը եւ տարբերանշանը: Այդ ընկերութիւնը, որը կը գործէ Գանատայի մէջ, գրասենեակ ունի նաեւ ԱՄՆի Թեքսաս նահանգի Հիւսթըն քաղաքի մէջ”,- կը գրէ Յանձնախումբի նախագահ Քէն Խաչիկեանը՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը մշտապէս կը սպառնայ օգտագործել իր ռազմական զինարանը՝ Հայաստանի եւ ԼՂի դէմ պատերազմը վերսկսկելու համար:
Նամակի մէջ Հայ դատի յանձնախումբը իր անհանգստութիւնը կը յայտնէ այն առնչութեամբ, որ Ատրպէյճանի ռազմական հզօրացման, սպառնալիքները, փաստացի յարձակողապաշտու- թիւնը ուղղակի կամ անուղղակի կերպով “կրնան սնուիլ” ամերիկեան պաշտպանական միջոցներէն”: