Արմաւիրի «Բաղրամեան» զօրավարժարանին մէջ տեղի ունեցող «Արձագանգ-2013» ռազմավարական մարզումներով Հայաստան կը բարձրացնէ պետական եւ ռազմական կառավարման մարմիններու աշխատանքի ներդաշնակութեան մակարդակը՝ ռազմաքաղաքական իրավիճակի սրման պարագային:
Հայաստանի կառավարութեան անդամները, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, անցան «Հոգեբանական յաղթահարման արգելագօտի» կոչուող տարածքով, ուր ստեղծուած է պատերազմական պայմաններուն բնորոշ իրավիճակ: Այնուհետեւ կառավարութեան անդամները հետեւեցան հետախոյզներուն, յատուկ ջոկատայիններու ցուցադրական վարժանքներուն, որոնք փաստեցին Հայաստանի զինուած ուժերու մարտական պատրաստուածութեան բարձր մակարդակը: Կառավարութեան բոլոր անդամները տարբեր զինատեսակներով կարելիութիւն ունեցան ստուգելու իրենց կրակային պատրաստակամութեան աստիճանը, ծանօթացան վարժ
անքներուն ներկայացուած զինուորական սարքերուն եւ սպառազինութեան:
«Պետութեան բարձրագոյն պաշտօնատար անձանց աշխատանքը ռազմաքաղաքական որոշումների կայացման ժամանակ» նիւթով մարզումներուն ներկայ եղան Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, պետական կառավարման համակարգի եւ զինուած ուժերու բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնեաները: Կառավարութեան ներկայացուցիչները հետեւեցան զօրավարժութիւններուն ընթացքին:
Նշենք, որ նախապէս, Հոկտեմբեր 8-ին տեղի ունեցած էր կառավարութեան արտակարգ նիստ, ուր կառավարութեան անդամներ այս ռազմավարժութիւններուն վերաբերող առաջարկներ ներկայացուցած էին վարչապետին՝ հաւանական սպառնալիքներու չէզոքացման ու հանրապետութեան պաշտպանութեան նախապատրաստութեամբ ուղղուած քայլերուն վերաբերեալ: Վարչապետը ներկայացուցած էր կառավարութեան որոշման նախագիծերը: