
Ինչպէս մեր երէկուայ թիւով կը հաղորդէինք, այս օրերուն Երեւանի մէջ տեղի կ'ունենայ աստղագիտական միջազգային կարեւոր գիտաժողով մը, ուր կը մասնակցին աշխարհահռչակ գիտնականներ, աւելի քան 30 երկիրներէ:
Գիտաժողովը նուիրուած է հայ անուանի աստղագէտ Բենիամին Մարգարեանի 100ամեակին:
Բիւրականի աստղադիտարանը կառուցուեցաւ 1946ին,
ասթրոֆիզիքոս Վիկտոր Համբարձումեանի կողմէ
Բիւրականի մէջ վերջերս տեղի ունեցած շնորհանդէսին, որ նուիրուած էր UNESCO-ի “Աշխարհի յիշողութիւն” ծրագիրի միջազգային մատեանին մէջ վերջերս արձանագրուած՝ Բենիամին Մարգարեանի շրջահայութեան, ներկայ չէր պարոն Խաչիկեանը, որուն մասին կը պնդէին, թէ այդ աշխատանքին մէջ մեծ ներդրում ունի:
Անպայմանօրէն կարելի է հաստատել թէ Մարգարեանի շրջահայութեան ու Խաչիկեանի շրջագայութեան իբրեւ արդիւնք՝ աշխարհը ունեցաւ կարեւոր ձեռքբերում մը‘ “Մարգարեանի կալաքտիկաները” որ այս անունով ալ մնացին աստղագիտ
ութեան պատմութեան մէջ:
Հետաքրքրական է՝ ինչո՞ւ այն ժամանակ ոչ ոք Համբարձումեանին ըսաւ, որ ատիկա պիտի չկոչուի “Մարգարեանի կալաքտիկաներ”, այլ “Մարգարեանի-Խաչիկեանի-Վիտմանի ու աշխատակազմի կալաքտիկաներ”: Ուրեմն՝ եղած են ժամանակներ, երբ որեւէ բան ընդունուած է միաձայն՝ բոլոր աստղագէտներուն կողմէ:
Վիկտոր Համբարձումեան երիտասարդ տարիքէն աշխարհով մէկ հռչակուեցաւ իբրեւ բոլոր ժամանակներու մեծագոյն աստղագէտներէն մէկը։ Ուսանողական տարիներէն իր անունին կապեց համաշխարհային տարողութեամբ գիտական յայտնագործումներ։ Եղաւ հիմնադիրն ու ղեկավարը, 1934ին, Խորհրդային Միութեան առաջին Աստղաբնագիտութեան ամպիոնին։ Մինչեւ 1941 թուականը արժանաւորապէս վարեց տնօրէնութիւնը Լենինկրատի պետական համալսարանի աստղադիտարանին։ Իսկ 1961-1964ին նախագահ ընտրուեցաւ Միջազգային Աստղագիտական Միութեան, ինչպէս նաեւ՝ երկու շրջան, 1968էն 1972, ստանձնեց նախագահութիւնը Գիտական Միութիւններու Միջազգային Խորհուրդին։
Վ. Համբարձումեան գիտականօրէն կազմաւորուեցաւ Լենինկրատի մէջ եւ դարձաւ խորհրդային երիտասարդ գիտնականներու փաղանգին յառաջապահ ջահակիրներէն մէկը, որուն սիրտը սակայն միշտ կապուած մնաց հայրենի լեռներուն՝ Հայաստան Աշխարհին եւ հայ ժողովուրդին։ Եւ երբ Երկրորդ Աշխարհամարտի ամէնէն բուռն մէկ հանգրուանին, 1943ին, Խորհրդային Հայաստանը արտօնութիւն ստացաւ հիմնելու Գիտութիւններու իր Ակադմիան, Վիկտոր Համբարձումեան փութաց Երեւան։ 1947ին Վ. Համբարձումեան ընտրուեցաւ Գիտութիւններու Ակադեմիայի նախագահ եւ այդ պաշտօնին վրայ վերընտրուեցաւ շարունակ, մինչեւ 1993 թուականը, երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի պատուոյ նախագահը։
Վիկտոր Համբարձումեանի մեծագոյն նուաճումը եղաւ հիմնադրութիւնը Բիւրականի Աստղադիտարանին, որուն անփոփոխ տնօրէնը մնաց մինչեւ 1988 թուականը՝ համաշխարհային արժէքով գիտական կարեւորագոյն կեդրոնի մը վերածելով զայն եւ գիտնականներու ամբողջ սերունդ մը հասցնելով։
«…Ան գնաց-գնաց ու հասաւ այնտեղ, ուր երկինքն ու երկիրը կը միանան» խօսքերը իրական կը դառնան: Վայր, որ ինքը՝ Համբարձումեանը ընտրած էր: Թէեւ հնարաւոր է, որ մեծ գիտնականը պահ մը հմայուած էր աստղազարդ գիշերով կամ զեփիւռոտ լեռնաբոյլերու ու ծաղկազարդ մարգագետիններու խաղով, բայց գաղափարներո՛ւն եւ ոչ թէ զգացումներուն տուրք տալու համար ան ընտրած էր այդ վայրը. ան շա՛տ աւելի կարեւոր նկատառումներ ունէր՝ առաջարկելով կառուցել հզօր աստղադիտարան, այնքան հզօր, որ ԽՍՀՄ-ի տարածքի մէջ առաջինը պիտի ըլլար» կը վկայեն իր ժամանակակիցները:
Թերեւս պայմաններու բերմամբ օտարի հետ իր կընքած ամուսնութիւնը պատճառ մըն էր, կամ ալ թերեւս աստղերու եւ տիեզերքի հետ հարազատօրէն հաղորդակցելու մղումին արդիւնք էր, որ Վիկտոր Համբարձումեան գերագոյն սրբութեան պէս պաշտեց իր մայրենի լեզուն։ Եւ բնաւ պատահական չէ, որ աշխարհահռչակ աստղագէտը սերունդներուն կտակեց Հաւատաւոր Հայու հետեւեալ պատգամը՝
«Ինձ յաջորդող սերունդներին, թոռներիս, ծոռներիս կտակում եմ տիրապետել հայոց լեզուին: Ամէն մէկը պէտք է իր պարտքը համարի ուսումնասիրել հայոց լեզուն, գրագէտ լինի հայերէնից, անկախ այն բանից, թէ քանի տոկոս է նրա մէջ հայկական արիւնը: Այդ տոկոսը ոչինչ չի նշանակում»:
Վ. Համբարձումեան վախճանեցաւ Օգոստոս 1996ին, տեսած ըլլալով Հայաստանի վերանկախացումը։