Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Կ'ԱԿՆԿԱԼԵՆՔ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ»
Կ'ԸՍԷ ՀՀ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ 

Հոկտեմբեր 8ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան Արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընի հետ:

«ԵՌԱԳՈՅՆ» կը նշէ թէ Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչը նշած է, որ այս հանդիպումը լաւ առիթ է միտքեր փոխանակելու՝ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք միացեալ քայլերուն վերաբերող:

Նախարար Նալբանդեան ընդգծած է, որ Հայաստան կը փափաքի կարելի բոլոր ձեւերով յառաջ տանել համագործակցութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ՝ հիմնուելով այն միացեալ ձեռքբերումներուն եւ յառաջընթացին վրայ, որոնք վերջին տարիներուն արձանագրուած են Հայաստան- Եւրամիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ:

Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութեան հետ իր յարաբերութիւնները կառուցելու ընթացքին, նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, Հայաստան կը ձգտի ունենալ սերտ, խոր եւ ընդլայնուած համագործակցութիւն՝ նկատի ունենալով, միաժամանակ, Հայաստանի շահերէն բխող մասնակցութիւնը այլ համարկումի գործընթացներուն:

«Հայաստանը, ԵՄ աջակցութեամբ, անցել է բարեփոխումների կարեւոր ճանապարհ: Մենք հաստատակամ ենք շարունակելու բարեփոխումների գործընթացը՝ ուղղուած ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքների եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդմանը, արդիւնաւէտ կառավարմանը, դատաիրաւական համակարգի կատարելագործմանը, կոռուպցիայի դէմ պայքարին: Այս գործընթացում մենք ակնկալում ենք ԵՄ շարունակական աջակցութիւնը», շեշտած է նախարար Նալբանդեան:

Ան կարեւոր նկատած է ԵՄ-Հայաստան համագործակցութիւնը շարժունակութեան բնագաւառին մէջ՝ ընդգծելով, որ արդէն երկու տարիէ ի վեր Եւրոպական Միութեան հետ ստորագրուած է «Շարժունակութեան շուրջ գործընկերութիւն» հռչակագիրը, իսկ նախորդ Դեկտեմբերին՝ մուտքի արտօնագրային դրութեան դիւրացման վերաբերող համաձայնագիրը:

Քեթրին Էշթըն նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ շարունակել համակողմանի փոխգործակցութեան զարգացումը Հայաստանի հետ՝ բոլոր ուղղութիւններով, որոնք համատեղելի կրնան ըլլալ Մաքսային Միութեան անդամակցելու Հայաստանի որոշման հետ:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Արեւելեան գործընկերութեան Վիլնիւսի գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն: