Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Հայաստանի հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը կարելի չէ բաղադրիչներէն որեւէ մէկուն բացակայութեան պարագային»:

Այս մասին «Արմինֆօ»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Տրայըն Հրիսթէան՝ մեկնաբանելով Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնը այն մասին, թէ Նոյեմբերին «Արեւելեան գործընկերութեան» Վիլնիւսի գագաթնաժողովին Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը նախաստորագրելու պատրաստակամութիւն կայ, սակայն առանց տնտեսական բաղադրիչի, այսինքն՝ առանց Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման վերաբերող համաձայնագիրի:

«Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէն Հայաստան տուած իր վերջին այցելութեան ընթացքին նշած էր, որ Ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները կը ծաւալին համապարփակ կերպով եւ կը ներառեն շարք մը կէտեր, մասնաւորապէս, կառուցուածքային կամ համակարգային բաղադրիչ, Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման վերաբերող համաձայնագիրի բաղադրիչ, ինչպէս նաեւ մարդոց շարժունակութեան կամ տեղափոխման առնչուող գլուխ: Ուստի Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման վերաբերող համաձայնագիրը կարելի չէ մեքենական կերպով անջատել Ընկերակցութեան համաձայնագիրէն», դիտել տուած է եւրոպացի պաշտօնեան: