Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Ժողովի նիստերու մեծ դահլիճէն ներս անցեալ շաբաթավերջին կայացաւ «Արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքար. Կիւլիստանէն մինչեւ մեր օրերը» խորագրով միջազգային գիտաժողովը։

Յունաստանէն ներկայ եղան երեսփոխան Միխայիլ Թամիլոս (Հայ-Յոյն խորհրդարանական խմբակցութեան փոխ նախագահ - Նէա Տիմոքրաթիա), երեսփոխանուհի Քաթերինա Մարքու (ՏԻՄԱՐ), ինչպէս նաեւ լրագրող-հրապարակախօս-վերլուծաբան Սավաս Քալենտէրիտիս («Ինֆողնոմոն», «Փոնտիաքի ղնոմի» պարբերաթերթ) եւ լրագրող Գոսթաս Փլիաքոս («Էլէֆթէրոս Թիփոս» օրաթերթ):

«Արցախի Անկախութիւնն Ու Անվտանգութիւնը
Ենթակայ Չեն Որեւէ Սակարկութեան»
կը հաստատէ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանը

Միջազգային գիտաժողովը համակազմակերպուեցաւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի, Արցախի պետական համալսարանի, ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան ինսթիթու, Լուվենի համալսարանի եւ Քաղաքական գիտութեանց Հայաստանի միութեան կողմէ։ Գիտաժողովը հրաւիրուեցաւ Ղարաբաղեան շարժման 25ամեակի յոբելենական թուականի նշման ծիրէն ներս։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ներկայ եղաւ հաւաքին։ Ան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց նման միջազգային գիտական նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը՝ Արցախեան հիմնախնդիրը խորութեամբ հասկնալու, տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները համակողմանիօրէն դիտարկելու եւ հաւանական զարգացումները աւելի ճշգրիտ կերպով կանխատեսելու իմաստով:

Նախագահին բնութագրումով, հայ ժողովուրդին ազատ եւ ինքնիշխան ապրելու, ազգային պետականութիւնը վերականգնելու ձգտումը համաշխարհային պատմութեան մէջ ամէնէն երկարատեւ ազգային-ազատագրական պայքարներէն է, որուն ընթացքին մէկ բան մնացած է անփոփոխ՝ «մեր ռազմավարական գերնպատակը՝ ազատ, ինքնիշխան եւ ազգային հզօր պետականութեան վերականգնումը եւ նրա շարունակական զարգացումն ու ամրապնդումը»:

Անդրադառնալով Արցախի պետականաշինութեան ներկայ հանգրուանին՝ նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ ետդարձի ճամբայ չկայ: «Արցախի անկախութիւնը եւ անվտանգութիւնը բացառիկ արժէքներ են, որոնք ենթակայ չեն որեւէ սակարկութեան», հաստատած է ան։

«Գիտաժողովը կոչուած է վերաիմաստաւորելու 25 տարիների մեր անցած ճանապարհը, որը հիմնականում կապուած է արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի նորագոյն փուլի հետ: Դրա ամէնակարեւոր պսակը կարելի է համարել անկախ, ինքնիշխան Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը», ըսաւ իր կարգին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:

Գիտաժողովը անդրադարձաւ նաեւ Կիւլիստանի պայմանագրի 200-ամեակին.- Այդ գծով Աշոտ Ղուլեան դիտել տուած է թէ «ուղիղ 200 տարի առաջ ստորագրուել է այդ պայմանագիրը, որով Ղարաբաղը, ինչպէս նաեւ յարակից տարածքները միացել են Ռուսաստանին»:

Գիտաժողովը առիթ էր արծարծելու 1988 թուականի համաժողովրդական շարժման արձագանգները, որ ամբողջ նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ տարածուեցան։

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ
Գասպար Կարապետեան

Անուանի ու հեղինակաւոր գիտնականներու,
պատմաբաններու,
քաղաքագէտներու ներկայութիւն

Ժողովը յատկանշուեցաւ անուանի ու հեղինակաւոր գիտնականներու, պատմաբաններու, քաղաքագէտներու, իրաւագէտներու եւ փորձագէտներու ներկայութեամբ, որոնց կարգին փրոֆէսէօրներ Պերնարտ Քուլի, Քսավիէ Ֆոլեպուքթ, Ճէֆրի Րոպէրցոն, Աշոտ Մելգոնեան, Միհրան Տապաղ, Արա Պապեան:

Տնտեսական զարգացման շուրջ կլոր սեղանի զրոյցին մասնակցեցան ԼՂՀ փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբէկեանը, ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Դաւիթ Լոքեանը եւ Աւստրիայէն Րայնհոլտ Էքհարտ:

Հաւաքին ներկայ էին պատուաւոր հիւրեր՝ Եւրոխորհրդարանի եւ Արցախի միջեւ բարեկամութեան խումբի նախագահ Էլէնի Թէոխարուս, լրագրող, Լիտրա Քոլէճի նախագահ Եանիս Խարալամպիտիս, Պելճիքացի ծերակուտական Անտրէ տիւ Պիւս, Ազգային Ժողովի անդամ Ժան Տէֆոսէ եւ թրգական ծագումով Պելճիքացի լրագրող Մէհմէտ Գոգսալ, ինչպէս նաեւ Պելճիքայի եւ Անգլիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբերու ատենապետները:

Գիտաժողովի աշխատանքներուն հետեւեցան նաեւ ԼՂՀ պետական-քաղաքական-հանրային ու գիտակրթական շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւ ուսանողներ։

Միջոցառումը ողջունեց եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը։ «Երկու հարիւր տարի առաջ, Արցախ աշխարհը ազատագրուեց պարսկական լծից եւ միացաւ Ռուսաստանի կայսրութեանը։ Մենք էինք դիմել։ Մենք դիմել էինք մէկ պատճառով՝ գտնուել Ռուսաստանում կամ Եւրոպայում՝ նոյն մշակութային դաշտում, ապրել նոյն արժէքներով, որ մեր հարազատ արժէքներն են» ըսաւ թեմակալ առաջնորդը։ Ան աւելցուց թէ իրադրութիւնը փոխուեցաւ 1917-20 թուականներուն եւ Արցախը, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանն ու մեր պատմական Ուտիքը յայտնուեցան Ատրպէյճանի կազմին մէջ՝ Ստալինի անհատական, կամային որոշմամբ։ «Սկսած 1994 թուականից, երբ աւարտուեց այդ դաժան քառամեայ պատերազմն Արցախի դաշտում, մենք ապրում ենք իսկապէս խաղաղ պայմաններում, ուր կայ կատարեալ անվտանգութիւն եւ խաղաղութիւն։ Այ, դրա համար արժէր 340-350 տարի պայքարել» ըսաւ Արցախի հոգեւոր հովուապետը, «որովհետեւ մարդու համար՝ որպէս Աստծոյ արարածի, ամէնաթանկագինը անվտանգութիւնն է եւ ազատութիւնը, ինչը մենք այսօր ունենք»։ Սրբազան հայրը վստահութիւն յայտնեց, որ օր մը միջազգային հանրութիւնը ի վերջոյ համարձակ կը գտնուի եւ այն կը ճանչնայ տէ-եուրէ Արցախի անկախութիւնը։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Էլէնի Թէոխարուս, Ռուսաստանի ժողովուրդներու հոգեւոր միասնութեան միջազգային հիմնադրամի նախագահ, պատմաբան, հասարակական գործիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգի Տրապեզնիկովը, Քաղաքական գիտութեան Հայաստանի միութեան նախագահ, ՀՀ ՊՆ Ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու ինսթիթութի պետ, քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր Հայկ Քոթանջեանը։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, ընդգծելով, որ նման միջազգային գիտական միջոցառումներու կազմակերպումը չափազանց կարեւոր է արցախեան հիմնախնդիրը լաւապէս հասկնալու համար։

Հեղինակաւոր ներկայութիւններով յատկանշուած խորհրդաժողովը, առիթ հանդիսացաւ ԼՂՀ պետական անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներու, խորացուած ու ծանրակշիռ քննարկումներու, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի այցելութիւններու: